ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հիւրընկալեց սփիւռքահայ կրթական մշակներ, որոնք վերապատրաստման դասընթացքներու կը մասնակցին Հայաստանի մէջ։ Վաթսուներկու հոգիէ բաղկացեալ այս խումբին հետ Նորին Սրբութիւնը մէկտեղուեցաւ Մայրավանքի տարածքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի դահլիճի յարկին ներքեւ։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան եւ Արարողակարգային բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։
Հանդիպման սկիզբին Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան ողջունեց աշխարհի տասնչորս երկիրներու հայկական կրթական հաստատութիւններուն մօտ ծառայող կրթական մշակները եւ բարի գալուստ մաղթեց անոնց։ Միեւնոյն ժամանակ ան յոյս յայտնեց, թէ Ամենայն Հայոց Հայրապետի օրհնութեամբ անոնք նոր լիցքով պիտի շարունակեն ուսուցիչի վեհ առաքելութիւնը։
Ապա հայագիտական առարկաներ դասաւանդող սփիւռքահայ ուսուցիչներուն իր օրհնութիւնն ու պատգամը փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետը, որ ուրախութիւն յայտնեց, թէ Հայաստանի մէջ սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքները կը շարունակուին աւելի մեծ թիւով կրթական մշակներու մասնակցութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը վերյիշեց նաեւ, որ առաջին տարիներուն վերապատրաստման դասընթացքները կը կազմակերպուէին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան հետ համատեղ։
Անմիջական զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւն ընդգծեց, թէ բարձրօրէն կը գնահատէ ուսուցիչներու՝ նոր սերունդի դաստիարակութեան եւ կրթութեան ուղղութեամբ բերած նուիրեալ ծառայութիւնը։ Նորին Սրբութեան սպասումն է, որ ուսուցիչները հայագիտական առարկաներ դասաւանդելէ զատ երիտասարդ սերունդը հաղորդ դարձնեն նաեւ ազգային, հայրենական եւ համայնքային կեանքի իրողութիւններուն, անոնց առիթ ընձեռեն ներգրաւելու զանազան ծրագրերու մէջ եւ այդպէսով մասնակից դառնալու ազգային կեանքին։ Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց, որ սա է հայրենասէր, ազգասէր եւ նախանձախնդիր սերունդ մը կրթելու ճանապարհը։ Ան համոզուած է, թէ միայն Հայաստանի նկատմամբ սէր, ապագային նկատմամբ հաւատք ու տեսիլք ունեցող անհատը կրնայ յաղթահարել կեանքի բոլոր դժուարութիւնները։ Բաց աստի, Նորին Սրբութիւնը վստահութիւն յայտնեց, որ ուսուցիչները դասընթացքի աւարտին իրենց երկիրը պիտի վերադառնան ո՛չ միայն նոր գիտելիքներով ու փորձառութեամբ, այլ նաեւ՝ հոգեւոր-ազգային ապրումներով խանդավառուած եւ ներշնչուած ազատ ու անկախ հայրենիքի իրողութեամբ։
Տեսակցութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը արդիւնաւոր ընթացք ցանկաց դասընթացքներուն ու մաղթեց, թէ բարին Աստուած ուսուցիչները զօրացնէ իրենց կարեւոր առաքելութեան մէջ։