ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՄԷՋ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱՅՈՑ ՎԱՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութենէն ներկայացուցիչներ երէկ ներկայ գտնուեցան պաշտօնական ընդունելութեան մը, որ սարքուած էր Անգլիոյ աւագ հիւպատոս Տայան Քորնըրի դիւանագիտական առաքելութեան ժամկէտի աւարտին առթիւ։ Յանուն Սուրբ Աթոռին այս հաւաքոյթին մասնակցեցան Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան, աւագ թարգման Տ. Վազգէն Վրդ. Ալեքեան եւ դիւանապետ Տ. Աղան Վրդ. Գոգճեան, որոնք Երուսաղէմի մօտ Անգլիոյ աւագ հիւպատոս Տայան Քորնըրի ապագայ աշխատանքին համար յղեցին յաջողութեան մաղթանքներ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15, 2024