«ԱՋԱԿՑԻՆՔ ԱՐՑԱԽԻՆ»

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ ու տնօրինութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը նախաձեռնեց ծրագրի մը, որ կը կոչուի «Աջակցինք Արցախին»։ Նորահաստատ այս ծրագրին նպատակն է բացառաբար մարդասիրական հոգատարութիւն ցուցաբերել Արցախէ ներս ծանր կացութեան մատնուած ժողովուրդին եւ պատերազմի հետեւանքով Արցախի գիւղերէն տարհանուելով Հայաստանի մէջ ապաստան գտած ընտանիքներուն։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի միջոցաւ յառաջ կը տարուի այս նախագիծը, որու աշխատանքներու համակարգման համար ստեղծուած է մասնաւոր յանձնախումբ մը։ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան նշանակուած է այս յանձնախումբի ատենապետը։ Յանձնախումբի կազմին մէջ ընդգրկուած են եկեղեցականներ եւ աշխարհականներ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն եւ բոլոր ցամաքամասերէն։

Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը օրերս տեսակապի միջոցաւ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ յանձնախումբի անդամներուն հետ։ Նորին Սրբութիւնը անոնց փոխանցեց հայրապետական իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը՝ շեշտելով, որ այս դժուարին ու ծանր օրերուն ստանձնած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նախաձեռնած ծրագրի շրջանակներէն ներս իրենց օգտաշատ աջակցութիւնը բերել Արցախի հայորդիներուն։ Տեսաժողովի ընթացքին ան անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ամենատարբեր ոլորտներէ ներս այժմ ծառացած լուրջ մարտահրաւէրներուն՝ ընդգծելով, որ առկայ պայմաններուն ներքեւ Հայոց Եկեղեցին պէտք է անհրաժեշտ ամէն ինչը ընէ առաւելագոյնս աջակցութիւն մատուցելու համար հայրենիքին ու ժողովուրդին։ Վեհափառ Հայրապետը այս առումով կարեւորեց յանձնախումբի առաքելութիւնը՝ յոյս յայտնելով, թէ նախատեսուած գործունէութիւնը կը ստանայ համազգային եւ մանաւանդ՝  համասփիւռքեան ընդգրկում։

Տեսաժողովի ընթացքին քննարկուեցան յառաջիկային ձեռնարկուելիք քայլերը, Հայ Եկեղեցւոյ թեմերու եւ ազգային հաստատութիւններու համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ 

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15, 2020