ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԱՌԹԻՒ
Մեծ պահոց շրջանի սկսելուն առթիւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հրապարակեց պատգամ մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետի յորդորները՝ արեւմտահայերէնի վերածելով։
*
Սիրելի բարեպաշտ զաւակներ Մեր,
Սկսած է Մեծ Պահքը։ Մուտք գործած ենք Մեծ Պահքի շրջան մեզ պատուհասած պատերազմի ողբերգութեան ցաւը մեր հոգիներուն։ Արցախի եւ մեր ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքի համար մղուած պատերազմին հերոսաբար զոհուեցան մեր բազում զաւակները, կորսնցուցինք Արցախ աշխարհի զգալի մասը։ Այս ողբերգական իրադարձութիւնները որոշապէս նաեւ հետեւանք էին Քրիստոսապատուէր սէրէն հեռանալու, անհամերաշխութեան, ներքին ու արտաքին անվտանգութեան ու սպառնալիքներու դէմ զգօնութեան պակասի, ազգային արժէքներու շուրջ համախումբ եւ միակամ ըլլալու նախանձախնդրութեան տկարացման։
Հոգեւոր կեանքի այս առանձնայատուկ ժամանակաընթացքի մէջ կոչուած ենք զղջման ու ապաշխարութեան զգացումներով ընթանալու ինքնաքննութեան, սխալներու անդրադառնալու, թերութիւնները սրբագրելու լուսաւոր ուղիով՝ ունկնդիր առաքեալի պատգամին. «Ապաշխարեցէ՛ք եւ դարձի եկէ՛ք ձեր մեղքերը ջնջելու համար, որպէսզի հանգիստի ժամանակները գան Տիրոջ ներկայութենէն» (Գործք Գ 19-20)։ Ապաշխարութիւնը տկարութենէ նորոգութիւն տանող այն ճանապարհն է, որով կը մաքրագործուի, կը նուիրագործուի անձը, վեր կ՚ելլէ անկումէ ու սայթաքումներէ՝ ընթանալու դէպի կատարելութիւն։ Անկեղծ եւ սրտաբուխ ապաշխարութիւնը Տիրոջ գթութիւնը կը տարածէ հաւատացեալի եւ ժողովուրդի կեանքին՝ հեռացնելով չարի փորձութիւններէն։ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան կ՚ըսէ, որ ապաշխարութեան կը միանայ Աստուծոյ բարեգթութիւնը, որով կը հեղուին երկնային ողորմութիւնը, տէրունապարգեւ մխիթարութիւնն ու շնորհները։ Երկնային օրհնութիւններու ու բարիքներու աղբիւրը նաեւ ազգի կեանքէն ներս կը բացուի համընդհանուր ապաշխարութեան ու զղջման միջոցով, ինչպէս որ Աստուած կը խոստանայ Սուրբ Գրքի մէջ. «Եթէ Իմ ժողովուրդը, որու վրայ Իմ անունը դրուած է, զղջայ, աղօթէ եւ Իմ երեսը փնտռէ եւ ետ դառնայ իր չար ճանապարհներէն, Ես ալ երկինքէն կը լսեմ, կը ներեմ անոնց եւ կը բուժեմ անոնց երկիրը» (Բ Մնաց. Է 14)։ Արդ, Մեծ Պահքի կարեւոր այս ժամանակահատուածը ծառայեցնենք զղջմամբ ու ապաշխարութեամբ մեր հոգիի եւ կեանքի մաքրութեան համար եւ ընթանանք աստուածահաճոյ ճանապարհով։ Այս գիտակցութեամբ եւ Աստուծոյ օգնականութեամբ մենք կարող կ՚ըլլանք հոգեւոր զօրութիւն եւ ուժ գտնել՝ յաղթահարելու մեր երկրի հասարակական կեանքի լարուած իրավիճակը, յառնած բազմաթիւ հիմնախնդիրներն ու մարտահրաւէրները եւ շարունակել մեր ստեղծագործ, հաւատաւոր կեանքի ընթացքը։
Մեր սրտաբուխ աղօթքը կը վերառաքենք առ Բարձրեալն Աստուած, որպէսզի Իր բազում ողորմութիւնները շնորհէ ազգիս հայոց, Սուրբ Հոգւոյ սփոփանքը պարգեւէ վշտացեալ սրտերուն եւ Իր գթառատութիւնն ու պահպանութիւնը տարածէ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի եւ մեր հայրենիքի վրայ։ Թող Աստուծոյ բարի հայեացքի ներքեւ Տիրոջ զօրակցութեամբ իրականութիւն դառնան մեր ժողովուրդի բարի իղձերը՝ նեղութիւններէն ու դժուարութիւններէն յառնելու դէպի բարձունքը յաղթանակներու եւ յաջողութիւններու՝ ի զօրացումն մեր պետութեան եւ ի բարօրութիւն ազգիս։ Եւ թող մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի սէրը եւ երկնապարգեւ շնորհները միշտ ըլլան մեզի հետ եւ ամէնքին. ամէն։