Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԴՍՏԵՐ ՀԱՐՍԱՆԻՔԻՆ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի դուստ­րը՝ Սիւմ­է­յյէ Էր­տո­ղան շա­բա­թա­վեր­ջին հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը ա­մուս­նա­ցաւ Սել­չուք Պայ­րաք­տա­րի հետ։ Այս առ­թիւ Իս­թան­պու­լի մէջ բազ­մա­հա­զար հրա­ւի­րեալ­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ հար­սա­նե­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, որ հան­րա­յին կար­ծի­քի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձաւ։

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեանն ալ մաս­նակ­ցե­ցաւ այս հան­դի­սա­ւոր ա­մուս­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան, որ ի­րա­կա­նա­ցուե­ցաւ Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պետ Քա­տիր Թոփ­պա­շի կող­մէ։ Սիւ­մէյ­յէ Էր­տո­ղա­նի վկա­նե­րու շար­քին էին հան­րա­պե­տու­թան նախ­կին նա­խա­գահ Ապ­տուլ­լահ Կիւլ, Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու եւ Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Հու­լու­սի Ա­քար։

Երկուշաբթի, Մայիս 16, 2016