ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ Տ. ՓԱՌԷՆ ԱՐՔ. ԱՒԵՏԻՔԵԱՆԸ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պարգեւատրեց Տ. Փառէն Արք. Աւետիքեանը։ Մայր Տաճարի մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը անոր շնորհեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձրագոյն շքանշանը՝ գնահատելով անոր վաստակն ու տարիներու ծառայութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։
«Էջ միածինն ի հօրէ» շարականի երգեցողութեան ներքեւ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան Մայր Տաճարի աւագ խորանը բարձրացուց հայրապետական սրբատառ կոնդակը։ Մայր Աթոռի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան ընթերցեց Նորին Սրբութեան կոնդակը։ Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը պարգեւատրեալ Տ. Փառէն Արք. Աւետիքեանին հանդիսաւորապէս շնորհեց «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» բարձրագոյն շքանշանը։
Կոնդակի բովանդակութեան մէջ Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով անդրադարձաւ սրբազանի նուիրեալ սպասաւորութեան Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։ Ան ուսանած է Անթիլիասի դպրեվանքին եւ Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ։ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս պատասխանատու պաշտօններ վարելէ վերջ, ան հովուական սպասաւորութեան կոչուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմէն ներս, ուր երկար տարիներ աննուազ նախանձախնդրութեամբ հոգեւոր սնունդ ջամբեց հայ հաւատացեալներուն։ Տիթրոյթի համայնքէն ներս սրբազանը հովուական անխոնջ նուիրումով եկեղեցւոյ շուրջ համախմբեց բարեպաշտ հայերը եւ բարի նախաձեռնութիւններով ապահովեց շինութիւն ու պայծառութիւն։ Տիթրոյթի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ յարակից «Ալեք Մանուկեան» թանգարանը հիմնուեցաւ իր ջանքերով։ Ան թանգարանին նուիրաբերեց նաեւ իր անձնական հաւաքածոյէն բազմաթիւ նմոյշներ։
Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ Սփիւռքի մէջ քահանայագործութեան երկար տարիներու վաստակը իր ուսերուն մեծարեալ սրբազանը մեկնեցաւ հայրենիք եւ իր կարողութիւնները ի սպաս դրաւ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքի նորոգութեան եւ հայոց հոգեւոր ծննդավայրի՝ Սուրբ Էջմիածնի յաւէտ պայծառութեան։ Նախ Շիրակի Թեմէն ներս, աւելի վերջ ալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ան ծառայեց նուիրումով եւ իր պարտականութիւններուն նկատմամբ առաւելագոյն բծախնդրութեամբ։
«Քրիստոսի հաւատարիմ սպասաւորիդ կեանքը զարդարուած է նաեւ բարեսիրական գործունէութեամբ, զոր կ՚իրագործէք ինքնաբուխ յանձնառութեամբ եւ ձեր յատուկ համեստութեամբ։ Ձեր անձնական խնայողութիւնները դուք կը ծառայեցնէք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ պայծառութեան, նաեւ ձեր օրինակով կը խրախուսէք բազմաթիւ հայորդիներ՝ որպէսզի իրենց վաստակը ի սպաս բերեն ազգօգուտ եւ եկեղեցաշէն ծրագրերու իրականացման։ Յատկապէս գովելի է ձեր աջակցութիւնը ծնողական հոգատարութենէ զրկուած մանուկներուն, որոնք ձեր օգնութեամբ կը յաղթահարեն կեանքի դժուարութիւնները, կը զօրանան հաւատքով ու լաւատեսութեամբ», նշուած է Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակին մէջ։
Եկեղեցական
- 11/27/2024