ԳՀԽ-Ի ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ ՍԿՍԱՒ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ երէկ Մոսկուայի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Թեմի Առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեանի տանտիրութեամբ տեղի կ՚ունենայ այս նստաշրջանը, որու աշխատանքները պիտի եզրափակուին վաղը։ ԳՀԽ-ի հերթական նստաշրջանը Մոսկուայի մէջ կազմա-կերպուած է՝ հիւրընկալ թեմի հիմնադրութեան 300-ամեայ յոբելեանին առթիւ։ Հարկ է նշել, որ ԳՀԽ-ի նստաշրջանի սկիզբէն օր մը առաջ, Մոսկուայի Առաջնորդարանի համալիրի «Տապան» թանգարանի երդիքին տակ բացուեցաւ հայ նկարիչներու գործերու ցուցահանդէս մը։ Այս ցուցահանդէսի բացման ներկայ գտնուեցան նաեւ ռուս հասարակական ու գեղարուեստի գործիչներ։
Վեհափառ Հայրապետը եւ ԳՀԽ-ի անդամները աղօթեցին Սուրբ Պայծառակերպութիւն առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ եւ երէկ առաջնորդարանին մէջ սկսաւ ԳՀԽ-ի նստաշրջանը։ Ժողովականները աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած ԳՀԽ-ի բարեյիշատակ անդամներէն նորոգ հանգուցեալ Վլատիմիր Բարխուդարեանի հոգւոյն հանգստութեան համար։ Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ռուսահայոց թեմի 300-ամեակը ու մատնանշեց, որ յառաջիկայ Սեպտեմբերին նախատեսուած են յոբելենական բուն արարողութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը արդիւնաւոր աշխատանք մաղթեց ժողովական հայրերուն։
Նստաշրջանի առաջին օրուան ժողովներուն ատենապետեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Հայ Եկեղեցւոյ գործառնութիւններու բարելաւման ծրագրի ընթացքին շուրջ ԳՀԽ-ի անդամներուն զեկուցում մը ներկայացուց «Դաւիթեան» հիմնադրամի նախագահ ու բարերար Ասօ Դաւիթեան։ Նստաշրջանի առաջին օրուան օրակարգը գրեթէ ամբողջութեամբ յատկացուած էր այս նիւթին։ ԳՀԽ-ի անդամները բարձր գնահատեցին Ասօ Դաւիթեանը, ինչպէս նաեւ իր կողմէ գլխաւորուած այս ծրագրին խորհրդատուական մարմնին մէջ ընդգրկուած հոգեւորականներն ու աշխարհականները՝ կարեւոր յանձնառութեան համար։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ եռօրեայ նստաշրջանի տեւողութեան օրակարգի վրայ կու գան կանոնադրական, թեմական, ազգային ու հասարակական բնոյթով զանազան հարցեր։
Եկեղեցական
- 11/27/2024