ԳԷՈՐԳԵԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՃԵՄԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 2018-2019 ուսումնական շրջանի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Ձեռնարկի բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Ճեմարանի տեսուչ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։

Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետն ալ ըսաւ. «Մեզի համար հոգեւորականներու պատրաստութեան գործին մէջ առաջնային են ոչ միայն Ճեմարանի տուած հարուստ գիտելիքները, փորձառու եւ հմուտ դասախօսներու միջոցաւ մատուցուած իմացութիւնը, այլեւ ասոր առընթեր հոգեւոր դաստիարակութիւնը եւ հոգեւոր կերպարի կերտումը։ Հոգեւոր ասպարէզի մէջ արժանաւորութեամբ սպասաւորելու, աստուածային շնորհները հաւատացեալներուն բաշխելու եւ մարդոց համար քրիստոսանման օրինակ ըլլալու առաքելութեան մէջ անօգուտ կ՚ըլլայ իմացութեան լոյսը, եթէ չկայ հաւատքի լոյսը, եթէ չկայ հաւատքի ապրումը, աղօթքի ոգին ու ջերմեռանդութիւնը, Աստուծոյ հետ մշտական հաղորդակցութեան, աստուածային ներկայութեան բարի զգացումը»։

2018-2019 ուսումնական շրջանին Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանը ունեցած է 82 ուսանող, հաստատութենէն ներս դասաւանդած է 59 դասախօս։ Ճեմարանի այս տարուան հունձքը կը բաղկանայ 16 շրջանաւարտներէ։   

Չորեքշաբթի, Յուլիս 17, 2019