ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանէ ներս ՄԱԿ-ի մշտական համակարգող Շոմպի Շարփին, որուն կ՚ուղեկցէին ՄԱԿ-ի մասնագիտական գործակալութիւններու եւ ծրագրերու պատասխանատուները։ Ներկայ էին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի «Հայաստանեան կլոր սեղան» միջեկեղեցական բարեգործական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան եւ նոյն հիմնադրամի տնօրէն Կարէն Նազարեան։
Հանդիպման սկիզբին Կարէն Նազարեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց Շարփի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով Հայաստանէ ներս ՄԱԿ-ի գրասենեակի համագործակցութեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կառոյցներու եւ «Կլոր սեղան» հիմնադրամի հետ։ Ան կանգ առաւ նաեւ այդ համագործակցութեան հեռանկարներուն վրայ։
Շոմպի Շարփն ալ ուրախութիւն յայտնեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի այս հանդիպման համար։ Ան Նորին Սրբութեան ներկայացուց Հայաստանէ ներս ՄԱԿ-ի գրասենեակի կողմէ ծաւալուող գործունէութիւնը զանազան ոլորտներու մէջ՝ ուղղուած արժանապատիւ կեանքի պայմաններու ստեղծման, մարդու իրաւանց պաշտպանութեան, երկրի առջեւ ծառացած խնդիրներու յաղթահարման։ Ընդգծելով ՄԱԿ-ի գրասենեակի եւ Հայոց Եկեղեցւոյ առաքելութեան ընդհանրութիւնը շարք մը ոլորտներու մէջ՝ Շոմպի Շարփ շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի գործակալութիւններու եւ եկեղեցական կառոյցներու միջեւ ձեւաւորուած գործակցութեան կապակցութեամբ՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով այդ բոլորը ա՛լ աւելի ընդարձակելու։ Մշտական համակարգողը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարութեան երախտագիտութիւնը Հայոց Եկեղեցւոյ՝ միջկրօնական երկխօսութեան մէջ հետեւողական ներգրաւուածութեան եւ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան վերականգնման ի նպաստ ծրագրերու իրականացման կապակցութեամբ։
Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր օրհնութիւնը ներկաներուն՝ գնահատելով Հայաստանէ ներս ՄԱԿ-ի գրասենեակի լայնածաւալ գործունէութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ արձանագրեց ՄԱԿ-ի մասնագիտական գործակալութիւններու, հիմնադրամներու եւ ծրագրերու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կառոյցներու, թեմերու եւ «Կլոր սեղան» հիմնադրամի հետ։
Նորին Սրբութիւնը հիւրերուն հանգամանօրէն ներկայացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի զանազան կառոյցներու գործունէութիւնը մասնաւորապէս կրթադաստիարակչական եւ ընկերային ոլորտներէն ներս՝ տեղեկացնելով յառաջիկայ ծրագրերու մասին։ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ 2019 թուականին, Ընտանիքի տարուայ շրջանակներէն ներս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ թեմերու կողմէ պիտի կազմակերպուին հասարակութեան մէջ ընտանեկան արժէքներու ամրապնդման ուղղեալ ձեռնարկներ, պիտի իրականացուին նաեւ աջակցութեան զանազան ծրագրեր։
Զրոյցի տեւողութեան արծարծուեցան ներկայ համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները։ Ընդունելութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը ՄԱԿ-ի գրասենեակի պատասխանատուին եւ ներկայացուցիչներուն մաղթեց արգասաւոր գործունէութիւն։