ՀԱՆԳԻՍՏ Տ. ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍԿ. ԲԱՐԻՔԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ շաբաթավերջին վախճանած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան երէց անդամներէն Տ. Մեղրիկ Եպսկ. Բարիքեան։ Անթիլիասի դիւանը շաբաթավերջին տեղեկացուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ ամբողջ միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն կորուստը երէց միաբանին։ Տ. Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեան վախճանեցաւ շաբաթ առաւօտ եւ իր վերջին օծման ու թաղման կարգը կատարուեցաւ երէկ, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի։

Նորոգ վախճանեալ Տ. Մեղրիկ Եպսկ. Բարիքեան ունէր հարուստ կենսագրութիւն մը։ Ան ծնած էր 3 յունուար 1968-ին, Պէյրութ, Լիբանան։ Աւազանի անունն էր Կարապետ։ Նախնական ուսումը ստացած էր Ազգային Աքսոր Գասարճեան եւ Միհրան Գարակէօզեան վարժարաններուն մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ընդունուած էր 1982 թուականի հոկտեմբերին։

Կատարելէ ետք Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց քառամեայ ընթացքը՝ սարկաւագ ձեռնադրուած էր 26 մայիս 1985-ին, ձեռամբ Դպրեվանքի տեսուչ Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի։ Աւարտելէ ետք Ընծայարանի բաժինը կուսակրօն եկեղեցական ձեռնադրուած եւ օծուած էր 29 մայիս 1988 թուականին, ձեռամբ Տ. Զարեհ Եպսկ. Ազնաւորեանի, վերակոչուելով Տ. Մեղրիկ Աբեղայ։

Վարդապետական Գաւազանի իշխանութիւն ստացած էր 3 յուլիս 1994-ին, ձեռամբ Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արտակ Արք. Մանուկեանի, աւարտաճառ ներկայացնելով «Թուղթք Տ. Ներսիսի Կաթողիկոսի Հայոց Գրեալք Ի Զանազան Ժամանակս Առ Այլեւայլ Անձինս» աշխարհաբարի թարգմանութիւնն ու քննական ուսումնասիրութիւնը։ Լանջախաչ կրելու իրաւունք ստացած էր 3 յունուար 1996-ին, հրամանաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Ծայրագոյն Վարդապետութեան իշխանութիւն ստացած էր 26 մայիս 2002-ին, ձեռամբ Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի։

Վանական կեանքէն ներս ստանձնած էր հետեւեալ պատասխանատուութիւնները.

1988-1995 եղած էր դպրապետ եւ հսկիչ Դպրեվանքի, միաժամանակ վարելով Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի ղեկավարութիւնը։ 1995-ին նշանակուած էր լուսարարապետ Մայր տաճարի։ 1999-2002 ստանձնած էր Ժըպէյլի «Թռչնոց բոյն»ի տեսչութիւնը։ Վանական պարտաւորութիւններու կողքին սրբազան հայրը 1996-1997 թուականներուն հետեւած էր «Overcome Violence»ի ուսումնական ծրագիրին եւ Պոսէի Միջեկեղեցական ինստիտուտ (Bossey Ecumenical Enstitute)։ Սարկաւագութեան օրերուն հետեւած էր դաշնակի դասընթացքներու։

1997-1999 թուականներուն մեկնած էր Նիւ Եորք եւ հետեւած՝ «Mannes College of Music»ի դասընթացքներուն։ 19 դեկտեմբեր 2002-ին գործուղուած էր Թորոնթօ, Գանատա, որպէս հոգեւոր հովիւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ։

2010-ին նշանակուած էր Օնթարիօ նահանգի հոգեւոր տեսուչ, իսկ 19 դեկտեմբեր 2013-ին՝ առաջնորդական փոխանորդ Գանատայի Հայոց թեմին:

27 ապրիլ 2014-ին Արամ Ա. Կաթողիկոս եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում շնորհած էր հայր սուրբին։ Գանատայի Հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը 2014 թուականի մայիսին Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ ընտրած էր Տ. Մեղրիկ Եպսկ. Բարիքեանը։ Որպէս առաջնորդ երկու տարի ծառայելէ ետք, 11 նոյեմբեր 2016-ին սրբազանը անձնական պատճառներով իր հրաժարականը ներկայացուցած էր եւ վերադարձած՝ Մայրավանք։

Կաթողիկոսարանէն ներս, Արամ Ա. Կաթողիկոսի բարձր տնօրինութեամբ, ստանձնած էր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչի պաշտօնը։ 2017-ին հիմնած էր Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը։ Երկու տարի կատարելէ ետք իր առաքելութիւնը, 2018-ին մեկնած էր Պարսկաստան՝ ստանձնելով Թեհրանի Թեմի առաջնորդական փոխանորդի պատասխանատուութիւնը։ 2019-ին վերադարձած էր Մայրավանք եւ ստանձնած էր «Թռչնոց բոյն»ի հոգեւոր տեսուչի պաշտօնը։ 2020-ին Արամ Ա. Կաթողիկոսի բարձր տնօրինութեամբ՝ նշանակուած էր Դպրեվանքի տեսուչ։

Մեղրիկ Սրբազան երաժշտական մարզէն ներս կատարած էր բազմաթիւ մշակումներ եւ յօրինումներ։ Խմբագրած էր երաժշտական բնոյթ ունեցող հատորներ։

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2021