Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ԽՕՍՔԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ցաւակցական պատգամ մը ուղարկած էր Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 84-րդ գահակալ հանգուցեալ Պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան առթիւ։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ Նորին Սրբութեան պատգամը ընթերցուեցաւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի կողմէ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետի խօսքը։

Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան,

Գերաշնորհ, հոգեշնորհ, արժանապատիւ հայրեր,

Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան Մեր սիրելի զաւակներ,

Յարգարժան ներկաներ,

Այսօր առ Բարձրեալը, յաւիտենական կեանքի երանաւէտ հանգրուան կ՚ուղեկցինք ի Տէր ննջեցեալ Ամենապատիւ Պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանին, որ տարաժամ աւարտեց իր երկրաւոր ընթացքը՝ բարի յիշատակ թողնելով հաւատաւոր հայորդեաց սրտերուն մէջ։

«Զի եթէ տնկակից եղեաք նմանութեան մահո՛ւ նորա. այլ եւ յարութեա՛ն նորա լինիցիմք» (Հռ. 6.5),- կ՚ըսէ առաքեալը Քրիստոսի հաւատարիմ հետեւորդներու կեանքի ընթացքի ու վախճանի մասին։ Յարութեան ու յաւիտենական կեանքի տէրունական խոստման մխիթարական այս գիտակցութիւնով է, որ լուսահոգի Պատրիարքը կը ճանապարհենք դէպի երկնի լուսեղէն օթեւան։

Մեսրոպ Պատրիարքը աւանդաշատ Պոլսոյ հայ համայնքի զաւակն էր՝ ծնելով ու հասակ առնելով պոլսահայ ընտանիքի մէջ, դաստիարակուելով եկեղեցանուիրումի ու ազգանուիրումի ոգիով։ Մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին իր կեանքը ընծայելու տեսլականով ան մուտք գործեց եկեղեցական ասպարէզ եւ ծառայանուիրումի ուխտ կնքեց՝ իր հոգիի սէրն ու նուիրումը բերելով հաւատացեալ հայորդեաց։ Լուսահոգի Մեսրոպ Սրբազանի տարիներու վաստակեալ առաքելութիւնը մեծապէս արժեւորուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան հոգեւոր խնամքի ներքեւ գտնուող հայորդիներուն կողմէ, որոնք որպէս արտայայտութիւն յարգանքի ու գնահատանքի՝ զինքը ընտրեցին Հայոց Պատրիարք։ Լուսահոգի Պատրիարքը կարեւոր ծառայութիւն իրականացուց, սպասաւորեց երբեմն դժուարին պայմաններու մէջ՝ ջանք ու եռանդ ներդնելով, որպէսզի ծաղկուն մնայ Հայոց Պատրիարքութիւնը, շէն ըլլան եկեղեցիները, նորոգ յառաջընթաց ապրի Պատրիարքութեան հայորդեաց ազգային-եկեղեցական կեանքը։

«Ո՛չ է մարդ իշխան ոգւոյ, եւ ո՛չ գոյ իշխանութիւն նորա յաւուր մահուան» (Ժող. 8.8),- կ՚ըսէ Սուրբ Գիրքը։ Դժուարին հիւանդութիւնը, ցաւօք, երկար տարիներ մահճին գամեց Պատրիարք Սրբազանը եւ ան չկարողացաւ օգտակար ծառայութիւնը շարունակել հաւատացեալ իր հօտի համար։ Երկրաւոր իր ընթացքը աւարտելով՝ ան կը փոխադրուի յաւերժութիւն, ուր Տէրը, Իր անգին խոստման համաձայն, յաւիտենական կեանքի երանութիւնը կը պարգեւէ Իր հաւատարիմ սպասաւորներուն։

Վստահ ենք, թէ Պատրիարքութեան Մեր սիրեցեալ ժողովուրդի զաւակները, միասնաբար յաղթահարելով կորստեան ցաւը, ամուր պիտի պահեն իրենց միաբանութիւնը, սէրը, համերաշխութիւնը եւ ձեռնամուխ պիտի ըլլան մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռի՝ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան պայծառութեան գործին, որպէսզի ան շարունակէ իր ծառայութիւնը հաւատաւոր Մեր ժողովուրդին։

Հայրապետական Մեր օրհնութիւնն ու գնահատանքը կը բերենք Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան ծառայասէր հոգեւոր դասուն եւ բարեպաշտ Մեր զաւակներուն, որոնք միշտ սիրով ու հաւատարմութեամբ փարած են մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ նախանձախնդիր են, որպէսզի Եկեղեցին շարունակէ իր առաքելութիւնը արդիւնաւորել Մեր ժողովուրդի համազգային կեանքի անդաստանին մէջ։

Թող երկնի լուսեղէն հան-գըրւաններու մէջ խաղաղութեամբ հանգչի հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքը, եւ Ամենագութն Աստուած Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութեան բիւր շնորհներով սփոփէ բոլոր վշտացեալ սրտերը։

Խունկ, աղօթք եւ օրհնութիւն ննջեցեալ Պատրիարքի լոյս յիշատակին։

Վշտակիր սրտով եւ օրհնութեամբ՝

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

Երկուշաբթի, Մարտ 18, 2019