1400-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆ

Այս տարի կը լրանայ Վաղարշապատ քաղաքի Ս. Հռիփսիմէ վանքի հիմնադրութեան 1400-ամեայ յոբելեանը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ յատուկ յանձնախումբ մը ստեղծուեցաւ՝ յոբելենական ձեռնարկներու կազմակերպման համար։ Այս յանձնախումբը կը գլխաւորէ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։ Տարուան ընթացքին կը նախատեսուի հոյակերտ տաճարի յոբելեանին ձօնուած զանազան ձեռնարկներ։ Սոյն շարքը պիտի սկսի 28 Մայիսին՝ Ս. Հռիփսիմեանց յիշատակութեան օրը։ Այս առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն եկեղեցականներու եւ ուխտաւորներու հանդիսաւոր թափօրով մը Ս. Հռիփսիմէի վանքը պիտի տարուին Ս. Հռիփսիմէ կոյսի այն մասունքները, որոնք ի պահ դրուած են Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Նոյն օրը հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի վանքին մէջ եւ տեղի պիտի ունենայ Անդաստանի արարողութիւն։ Սրբազան մասունքով պիտի օրհնուին աշխարհի չորս կողմերն ու ներկայ հաւատացեալները։ Պատարագիչը պիտի ըլլայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վանորէից տեսուչ Տ. Արտակ Եպսկ. Տիգրանեան։

Ուրբաթ, Մայիս 18, 2018