«ԱՊԱԳԱՅ ՆԱԵՒ ՆԵՐԿԱՅ»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդաց յանձնախումբը շաբաթավերջին առցանց հանդիպում մը կազմակերպեց՝ մասնակցութեամբ զանազան թեմերէ կամ շրջաններէ նոր սերունդի ներկայացուցիչներու։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ տեղի ունեցաւ այս հեռավար հաւաքը, որուն մասնակցեցան նաեւ յիշեալ յանձնախումբի անդամ միաբաններ։

Արամ Ա. Կաթողիկոսի աղօթքէն վերջ բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Սարգիսեան, որ կը գլխաւորէ կազմակերպիչ յանձնախումբը։

Իր կարգին, Կիլիկեան Աթոռի գահակալը հայրական սիրով ողջունեց երիտասարդները եւ գոհունակութիւն յայտնեց անոնց հետ ըլլալու ու մանաւանդ՝ զանոնք լսելու հնարաւորութեան համար։ Արամ Ա. Կաթողիկոսի համոզմամբ, երիտասարդութիւնը կոչուած է աւելիով ներկայութիւն մը դառնալ հայ իրականութեան բոլոր մարզերուն մէջ։ Արդարեւ, նոր սերունդը ո՛չ միայն մեր ապագան է, այլ նաեւ ներկան է, որովհետեւ անկարելի է ապագան կերտել առանց երիտասարդութեան գործօն ներկայութեան ու ներդրումին։

Համաշխարհայնացեալ ներկայ աշխարհին քայլ յարմարցնելու հրամայականի մեկնակէտով՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, որ ազգային-եկեղեցական կեանքի վերանորոգման գործընթացին մէջ կարեւոր պատասխանատուութիւն կը վիճակի երիտասարդութեան, ինչպէս նաեւ իրաւունք եւ պարտաւորութիւն՝ իր ըսելիքը ըսելու եւ գործօն մասնակցութիւն բերելու տեսակէտէ։ Ան մատնանշեց, որ այլեւս աւանդական դարձած մեր կառոյցները սկսած են անշնչելի դառնալ մեր երիտասարդներուն համար։ Ըստ իրեն, արդի աշխարհը կը փորձէ հարթակներու եւ երկխօսութիւններու ճամբով ի մի համախմբել զանազան մարզերու հետ առընչուած մարդուժը։ Բայց եւ այնպէս, հայ իրականութեան պարագային սա տեսական կամ պարագայական պէտք չէ ըլլայ, այլեւ հիմնական արժէքներու, սկզբունքներու եւ ձգտումներու շուրջ պէտք է ընթանայ։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 18, 2021