ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ռուս Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ Մոս­կուա­յի հո­գե­ւոր ա­կա­դե­միոյ տե­սու­չին՝ Վե­րէյս­քիի Եւ­կե­նի Ար­քե­պիս­կո­պո­սին կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նին կող­մէ կը հիւ­րըն­կա­լուին ռուս հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը՝ Մայ­րա­վան­քի հա­մա­լի­րէն ներս։ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի տե­սուչ Տ. Գա­րե­գին Ա­բե­ղայ Համ­բար­ձու­մեան ե­րէկ ջերմ տե­սակ­ցու­թիւն մը ի­րա­կա­նա­ցուց Եւ­կե­նի Ար­քե­պիս­կո­պո­սին հետ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին շօ­շա­փուե­ցան վեր­ջին շրջա­նին եր­կու հո­գե­ւոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ ա­նոր ընդ­լայն­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ ու­սա­նող­նե­րու փո­խա­նակ­ման ծրագ­րին, դա­սա­խօս­նե­րու վե­րա­պատ­րաստ­ման եւ փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման հար­ցե­րուն նկատմամբ։

Տե­սուչ­նե­րու հան­դի­պու­մէն վերջ հիւ­րե­րը ի­րենց ուխ­տի ա­ղօթ­քը կա­տա­րե­ցին Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րին մէջ, նաեւ այ­ցե­լե­ցին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի թան­գա­րան­նե­րը, ծա­նօ­թա­ցան Հա­յոց Ե­կե­ղեց­ւոյ սրբու­թիւն­նե­րուն ու հո­գե­ւոր-մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան։

Հարկ է նշել, որ Զակորսքի ակադեմիան Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ բարձրագոյն կրթութեան հաստատութիւնն է։ Երկար տասնամեակներէ ի վեր ձեւաւորուած նախընթացներուն հիման վրայ այդ հաստատութեան երդիքին տակ ուսում կը ստանան նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ երիտասարդ միաբաններ։ Այդ համագործակցութիւնը վերջին տարիներուն թափ ստացած է ուսանողաց փոխանակումով։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2015