ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ստորեւ կը ներկայացենենք Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի պատգամը՝ 2017-2018 կրթական շրջանի վերամուտին առթիւ։

*

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հայրապետական մեր օրհնութիւնը կը բերենք համալսարաններու եւ դպրոցներու պատասխանատուներուն, դասախօսներուն եւ մանկավարժներուն, ուսանող եւ դպրոցական մեր զաւակներուն՝ գիտելիքի, գիրի, դպրութեան օրուան եւ նոր ուսումնական տարուան առիթով։

Սքանչելի եւ մեծ խորհուրդ ունի գիտելիքին ու դպրութեան նուիրուած օրը։ Մեր ժողովուրդը դարերու մէջ, նոյնիսկ աղիտալի ժամանակներու մէջ, արժեւորած է ուսումը, վառ պահած իմացութեան սէրը եւ իր կրթօճախներու լոյսը։ Արդարեւ, ուսեալ եւ կիրթ հասարակութիւնը ընդունակ է բարեփոխել կեանքը, բարւոք վճիռներ գտնել իր առջեւ կանգնած խնդիրներուն եւ իրականութիւն դարձնել յառաջընթացի իր տեսիլքը։

Կը մաղթենք, թէ այսօր մեր ուսումնական հաստատութիւնները հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ օրէ օր զօրանան եւ առաւել արդիւնաւորեն իրենց առաքելութիւնը՝ կրթելով մեր զաւակները համակողմանի իմացութեամբ, հաւատաւոր ու հայրենասէր ոգիով, որպէսզի կարող ըլլան նորարարութիւններու, ստեղծագործական սլացքներու եւ շարունակեն քրիստոնեայ մեր ժողովուրդի ներկայութիւնը աշխարհի մէջ, ուր թէեւ փոքրաթիւ, բայց իր ստեղծածով միշտ համեմատուած է մեծերու հետ։

Մեր գնահատանքը կը բերենք կրթութեան գործի պատասխանատուներուն, դասախօսներուն ու մանկավարժներուն՝ բարեջան ու նախանձախնդիր գործունէութեան համար։ Հայրական յորդոր կը բերենք մեր զաւակներուն, որպէսզի սիրեն ուսումը, ըլլան ուշիմ ու ջանադիր, չթերանան իրենց պարտականութիւններուն մէջ, որպէսզի ամուր հիմքերով սկզբնաւորուի իրենց կեանքի ուղին, ինչ որ ապագան է նաեւ մեր հայրենիքի եւ ժողովուրդի։

Աղօթք կը բարձրացնենք, որ Աստուած օրհնէ ջանքերը կրթութեան նուիրեալներու եւ քաջարութեան միտք ու հոգի շնորհէ մեր զաւակներուն։ Օրհնեալ ուսումնական տարի, առատ արդիւնքներ ու բարի վաստակ։ Ամէն։

Օրհնութեամբ՝

 

 

 

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2017