ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «IEEE EWDTS՚ 2016՝ Արեւելք-Արեւմուտք. նախագծում եւ թեսթ» միջազգային համաժողովի մասնակիցները։ Մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։ Հիւրերը Նորին Սրբութեան ներկայացան՝ ուղեկցութեամբ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ արտասահմանեան անդամ եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Երուանդ Զօրեանի, որ վերոյիշեալ գիտաժողովի նախագահն էր եւ միեւնոյն ժամանակ կը հանդիսանայ Հայկական համացանցային համալսարանի հիմնադիրը։
Սոյն գիտաժողովի աշխատանքներուն մասնակցեցան աշխարհի երեսունմէկ երկիրներէն երկու հարիւր ներկայացուցիչներ։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր գնահատանքը գիտաժողովի նախագահ Երուանդ Զօրեանին՝ Հայաստանի մէջ բարձր փորձագիտութիւններու զարգացման ուղղութեամբ ունեցած կարեւոր ներդրումին եւ ազգային կեանքէն ներս բերած օգտաշատ մասնակցութեան համար։
Միւս կողմէ, երէկ, Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանը։ Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց նորանշանակ նախարարը եւ անոր մաղթեց արդիւնաւէտ ծառայութիւն ի նպաստ հայ ժողովուրդի մշակութային կեանքի զարգացման եւ հայրենիքին։ Զրոյցի տեւողութեան խօսք բացուեցաւ սրբավայրերու եւ պատմամշակութային այլ յուշարձաններու պահպանութեան խնդիրներուն մասին։
Եկեղեցական
- 11/27/2024