ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԳԵՐՄԱՆԻԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հնգօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Գերմանիա։ Վեհափառ Հայրապետը Պերլինի մէջ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու պետերուն հետ կը մասնակցի Եւրոպայէ ներս Ռեֆորմի 500-ամեայ յոբելեանի յիշատակութեան շրջանակներէն ներս նախատեսուած պաշտօնական ձեռնարկներուն։ Այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու պետերը հանդիպում մը կ՚ունենան Գերմանիոյ Նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայերի հետ։ Նախատեսուած է նաեւ հանդիպում մը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմի Պերլինի հայ համայնքին հետ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Վեհափառ Հայրապետը օրհնութեան խօսքով հանդէս կու գայ «Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաները» խորագրեալ միջազգային գագաթաժողովի բացման ընթացքին։

Շաբաթավերջին, Հոկտեմբերի 21-ին, Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու հովուապետներու նախագահութեամբ Պերլինի Մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ միջեկեղեցական աղօթք՝ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս խաղաղութեան ու պահպանման հաստատման համար։

Նորին Սրբութեան ընկերակից պատուիրակութեան կազմին մէջ կը գտնուին Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, Հառիճի Թրփանճեան ընծայարանի տեսուչ Տ. Ղեւոնդ Աբեղայ Սաղաթելեան՝ որպէս գաւազանակիր, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային ծառայութեան բաժնի տնօրէն Տ. Մարկոս Քհնյ. Մանկասարեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Իրաւաբանական-խորհրդատուական յանձնախումբի անդամուհիներէն Թամարա Շաքարեան։

Պերլինի մէջ Նորին Սրբութեան ընկերակիցներուն կը միանայ նաեւ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան՝ որպէս Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ։ Գերմանահայոց Թեմէն այլ հոգեւորականներ ալ այցելութեան ընթացքին կ՚ուղեկցին Նորին Սրբութեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2017