ԳՀԽ-Ի ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Ժողովներուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական համակարգի հաղորդումներով, ժողովը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով, աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ԳՀԽ-ի անդամները, որոնց փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու գնահատանքը եւ բարի ընթացք մաղթեց աշխատանքներուն համար։ Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւն յայտնեց ժողովին մասնակցելու հրաւիրուած Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի ներկայութեան համար։ Ան գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ Պերճ Սեդրակեան, իբրեւ բարերար եւ ՀԲԸՄ-ի նախագահ, մշտապէս իր զօրակցութիւնը կը ցուցաբերէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին։
Նիստերուն ատենապետեցին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։
Նստաշրջանին շրջագծով քննարկուեցան կանոնական ու կանոնադրական-իրաւական, ազգային ու հասարակական, թեմական ու համայնքային, եկեղեցաշինական ու կարգապահական բազմաբնոյթ հարցեր։
Առաջին նիստին քննարկուեցաւ Ազգային-եկեղեցական ժողովի եւ Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովի գումարման հարցը։ Զեկոյցներով հանդէս եկան Ազգային-եկեղեցական ժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան եւ յիշեալ ժողովներու օրակարգային հարցերու նախապատրաստման հետամուտ, Եկեղեցական կառավարման բարձրագոյն մարմիններու կանոնադրութիւններու մշակման յանձնախումբի ատենապետ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։
Քննարկումներու արդիւնքին նախապատրաստական աշխատանքներու ժամանակատարութեան հիման վրայ որոշուեցաւ Ազգային-եկեղեցական ժողովին գումարուիլը նախատեսել 2017 թուականին, իսկ այս տարի Հոկտեմբերին կը նախատեսուի Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողով։
Նստաշրջանի ընթացքին ԳՀԽ լսեց Հայոց Սուրբ նահատակներու տարեկան յիշատակութեան ծիսական կանոնի խմբագրման յանձնախումբի համակարգող Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեանի զեկոյցը՝ ծիսական կանոնի եւ Ապրիլի 24-ին կատարուելիք Բարեխօսական կարգին մասին։
ԳՀԽ-ի անդամներուն տեղեկացուեցաւ, որ այս տարուան Սեպտեմբերին կը սպասուի Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանսիսկոս Ա. Պապի այցելութեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Այս այցելութեան կազմակերպման կապակցութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կապի մէջ է Վատիկանի հետ։
Հնդկաստանի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի Հայրապետական Պատուիրակ Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճառեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Ծայրագոյն Արեւելքի, մասնաւորապէս՝ Եանկունի, Սինկափուրի, Պանքոքի, Միանմարի, Պանկլատէշի Տաքքա քաղաքի եկեղեցական համայնքներուն մասին։ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան՝ Պելժիոյ, Հոլանտայի, Սպանիոյ եւ Իտալիոյ եկեղեցական համայնքներուն մասին զեկոյցներով հանդէս եկաւ Հայրապետական Պատուիրակ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան։
ԳՀԽ-ի ժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Մայր Աթոռի մօտ ձեռնարկուած բարեկարգման եւ կառուցապատման աշխատանքները։ Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Մայր Տաճարի ամրակայման եւ վերանորոգութեան աշխատանքներու ընթացքին։ Նշուեցաւ նաեւ, որ ընթացիկ տարուան տեւողութեան պիտի աւարտի Վեհարանի շէնքին հիմնանորոգումը եւ «Էօրնէքեան» դպրոցի նոր մասնաշէնքերուն կառուցումը։ Այս կապակցութեամբ ԳՀԽ-ի անդամները գոհունակութիւն յայտնեցին կատարուած աշխատանքներուն կապակցութեամբ ու կարեւորեցին համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնի բարեզարդման ու պայծառութեան ուղղեալ ջանքերը։
ԳՀԽ-ի ժողովի ընթացքին ներկայացուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 2015 թուականի գործունէութեան տեղակագիրը եւ ելմտական հաշուետու զեկոյցը։ Այսպէս, 2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի թեմերուն մօտ կազմակերպուած են 854 արարողութիւն, գիտաժողով, միջեկեղեցական արարողութիւն, խաչքարերու օծում, ցուցահանդէս եւ այլ բազմաբնոյթ ձեռնարկներ։ Ներկայիս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եկեղեցականութեան թիւը կը կազմէ 742 հոգի (54-ը՝ արքեպիսկոպոս կամ եպիսկոպոս, 48-ը՝ ծայրագոյն վարդապետ կամ վարդապետ, 40-ը՝ աբեղայ, 469-ը՝ քահանայ, 131-ը՝ սարկաւագ։ Հայաստանի զինեալ ուժերուն մօտ ծառայութիւն կը մատուցեն 51 հոգեւոր սպասաւորներ։ Հայաստանի քրէակատարողական 12 հիմնարկներուն մէջ հոգեւոր սպասաւորութիւն կը մատուցեն 7 հոգեւորականներ)։ Անցեալ տարի Մայր Աթոռի զանազան բաժանմունքներուն մօտ աշխատանք տարած են 1206 անձեր, իսկ Հայաստանի թեմերուն եւ Արցախի մօտ՝ 1359 անձեր։ Մայր Աթոռի հոգեւոր, կրթական հաստատութիւններուն մօտ ուսանած է 295 սան (Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի մէջ 98, Սեւանի Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոցին մէջ՝ 81, Հարիճավանքի Թրփանճեան ընծայարանին մէջ՝ 43, Քահանայից պատրաստման եռամեայ լսարանին մէջ՝ 31, Կալկաթայի հայոց Մարդասիրական ճեմարանին մէջ՝ 42, «Էօրնէքեան» հանրակրթական դպրոցին մէջ ուսանած է 324 աշակերտ եւ համանուն մանկապարտէզը յաճախած՝ 45 մանուկ)։
Անցեալ տարի շարունակած են գործել 7 Հայորդեաց տուները (Էջմիածին, Աշտարակ, Կիւմրի, Վանաձոր, իսկ Երեւանի մէջ՝ Նորք, Մալաթիա եւ Արաբկիր) եւ Մանրանկարչութեան արուեստի կեդրոնը, ուր կը յաճախեն շուրջ 3500 երախաներ։ Տարուան տեւողութեան Հայորդեաց տուներուն մօտ իրականացուած է 282 ձեռնարկ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ընկերային ծրագրերու ծիրն ալ տարուէ տարի հետզհետէ կ՚ընդլայնի։ Անցեալ տարի եւս ընկերային աջակցութիւն յատկացուած է անապահով ընտանիքներուն, հաշմանդամներուն, ծնողազուրկ երախաներուն, ծերախնամ կառոյցներուն, բանտարկեալներուն եւ զինուորներուն։ Ընդհանուր առմամբ 2015 թուականին 20 հազար անձի դրամական կամ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ։ Անցեալ տարի նոյնպէս իրենց բնականոն գործունէութիւնը շարունակած են Մալաթիոյ, Արաբկիրի, Նորքի, Էջմիածնի, Վանաձորի բարեգործական ճաշարանները, ուր ամէն օր սնունդ ստացած է ընդհանուր թիւով 1000 անձ։ «Նագգաշեան մանուկներու տուն» երախաներու աջակցութեան կեդրոնէն ներս կը խնամուին 14 պատանիներ։ Իր գործունէութիւնը շարունակած ու ծաւալած է նաեւ «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնը՝ անհրաժեշտ մասնագիտական օգնութիւնը ցուցաբերելով հիւանդներուն։
2015 թուականին Հայաստանի եւ Սփիւռքի թեմերէն ներս հայրապետական պատուիրակութիւններէն ներս օծուած են 21 նոր եկեղեցիներ։ Շինարարութեան եւ վերանորոգման հանգրուանի մէջ կը գտնուին 34 եկեղեցիներ։ Թեմերու հովանաւորութեան ներքեւ գործած են 271 կիրակնօրեայ դպրոցներ։
ԳՀԽ գոհունակութեամբ ընդունեց ներկայացուած զեկոյցը՝ ողջունելով իրականացուող լայնածաւալ գործունէութիւնը եւ Հայոց Եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման ուղղեալ նուիրեալ ջանքերը։ ԳՀԽ-ի նստաշրջանը աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով։