ՏԵՂԱՊԱՀ Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ԺԱՄԱՆԷ ՔԱՂԱՔՍ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վաղը պիտի ժամանէ քաղաքս։ Նորին Սրբազնութիւնը Քէօլնէն պիտի հասնի յետմիջօրէի ժամերուն։
Երէկ, իր ժամանման ընդառաջ, հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ։ Այս առթիւ ան մեզի յայտնեց, որ Պոլիս հասնելէ օր մը վերջ նիստի պիտի հրաւիրէ Կրօնական ժողովը։ Սա պիտի ըլլայ տեղապահ սրբազան հօր նախագահութեամբ գումարուելիք Կրօնական ժողովի առաջին նիստը։ Մարտի 15-ի Եկեղեցականաց համագումարին յաջորդած իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ, շուրջ երեք ամիսէ ի վեր չէ գումարուած Կրօնական ժողովը։
Մեր երէկուան զրոյցին ընթացքին Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան մեզի յայտնեց նաեւ, որ մինչեւ շաբաթավերջ կը նախատեսէ ունենալ շարք մը խորհրդակցութիւններ, որոնց ժամանակացոյցը գրեթէ յստակացած է։ Ռամազանի մօտալուտ տօնի արձակուրդի օրերուն ալ Նորին Սրբազնութիւնը պիտի գտնուի Իսթանպուլի մէջ։ Թէեւ երկիրը ընդհանուր դադարի մը մթնոլորտին մէջ պիտի ըլլայ, սակայն տեղապահ սրբազան հայրը մտադիր է քաղաքիս մէջ մնալով շարունակել աշխատանքը, որոշ ուսումնասիրութիւններ ընել ամփոփ մտքով, որովհետեւ իսլամաց տօնի արձակուրդէն վերջ պիտի կազմուի նախաձեռնարկ մարմին մը՝ պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկելու համար։
Հարկ է նշել, որ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի այս անգամուան ժամանումը պիտի ըլլայ նախորդներէն աւելի տարբեր։ Արդարեւ, ան այս անգամ երկարաժամկէտ ձեւով կը վերադառնայ քաղաքս, տեսանելի ապագային պիտի չունենայ ստիպողական ճամբորդութիւններ՝ քանի որ Գերմանիոյ հայոց թեմէն ներս առաջնորդի իր պարտաւորութիւններն ու լիազօրութիւնները Թեմական պատգամաւորական ժողովի հաւանութեամբ մեծաւ մասամբ փոխանցած է Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեանին, որ դարձած է լիազօր փոխանորդ։