ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն՝ Քէօլնի համալսարանէն խումբ մը կաթոլիկ եւ բողոքական աստուածաբաններ ու գիտնականներ։ Այս խումբը կը գլխաւորէ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Եպիսկոպոսաց ժողովի պետ Մաթթիաս Քոփփ։ Այս վերջինը Նորին Սրբութեան ներկայացուց ուխտաւորները՝ ուրախութիւն յայտնելով հերթական այցելութեան համար դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ուխտաւորները եւ անոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնները։
Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց նման ուխտագը-նացութիւններու կազմակերպումը՝ ընդգծելով, որ այսօրինակ այցելութիւնները կու գան ամրացնելու եւ զօրացնելու ազգերու եւ եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւնները, կը դառնան հաճելի եւ ոգեւորիչ։ Վեհափառ Հայ-րապետը հաստատեց, որ Հայոց Եկեղեցին սերտօրէն կը համագործակցի այլ եկեղեցիներու հետ՝ իր ներդրումը բերելով աշխարհի վրայ մարդոց եւ պետութիւններու խաղաղ գոյակցութեան ուղղեալ ջանքերուն։
Զրոյցի տեւողութեան նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ հոգեւոր վերարթնութեան, ինչպէս նաեւ Հայոց Եկեղեցւոյ ներկայ գործունէութեան՝ ընկերային, կրթական եւ քարոզչական ոլորտներուն։ Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին եկեղեցաշինութեան, Հայաստանի կեանքին եւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ խաղաղարար առաքելութեան։
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ եւ Երեւանի Պետական համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Տ. Անուշաւան Եպսկ. Ժամկոչեան։
Եկեղեցական
- 11/27/2024