Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԵԱՄԲ
Երէկ, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին մեծ շուքով նշեց Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի վերափոխման տօնը։ Աշխարհասփիւռ հայ-քրիստոնեայ հաւատացեալներու հոգեւոր միասնականութիւնը ամրապնդուեցաւ՝ խաղողօրհնէքի խորհուրդով։
Ինչպէս բոլոր տաղաւարներուն, այս անգամ եւս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ կեդրոնացած էին ուշադրութիւնները։ Տաղաւարի արարողութիւններուն նախագահեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Առաւօտուն Ս. Գայիանէ վանքին մէջ տաղաւարի Ս. Պատարագը մատոյց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի տնօրէն Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննիսեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։
«Աստուածամայրը մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի համար կարեւոր դերակատարութիւն ունի, ինչ որ կ՚արտացոլուի եկեղեցւոյ շարականներուն եւ պաշտամունքին մէջ, նաեւ մեր խորանները զարդարուած են Աստուածամօր պատկերով», ըսաւ ան։ Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ Աստուածամայրը, ըլլալով սովորական մարդ, գիտակցելով մարդկային կեանքէ ներս առկայ դժուարութիւններուն, առանց վարանելու՝ խիզախօրէն անսաց հրեշտակապետի խօսքին ու մարմնացեալ Աստուծոյ մայրը դարձաւ։ «Աստուածամայրը հնազանդեցուց իր կամքը Աստուծոյ կամքին, նախ եւ առաջ առիթ ու միջոց եղաւ Աստուծոյ փրկագործութեան ծրագրի իրագործման։ Այսպէսով նաեւ մեզի կարեւոր դաս մը տուաւ, որպէսզի անկախ կեանքի մէջ առկայ իրողութիւններէն՝ մենք հնազանդինք Տիրոջ կամքին», դիտել տուաւ քարոզիչ սրբազանը ու հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի Աստուած զօրացնէ բոլորին հաւատքը եւ իւրաքանչիւրին մէջ արթնցնէ նուիրումի ու քաջութեան ոգին։
Ս. Գայիանէ վանքի մէջ մատուցուած Ս. Պատարագէն վերջ եկեղեցական ծանրաշուք թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ս. Տրդատի բաց խորանը, որու վրայ Վեհափառ Հայրապետը հանդիսապետեց խաղողօրհնէքի հանդիսաւոր կարգին։ Հուսկ, օրհնուած խաղողի ողկոյզները բաժնուեցան հաւատացեալ ժողովուրդին։