ԱՂՕԹՔ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիսապետեց տարեմուտի Ս. Պատարագին, որու աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ Հայրապետական մաղթանք։ Արարողութիւններէն վերջ, Վեհափառ Հայրապետը եպիսկոպոսաց դասուն հետ այցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնը։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած Արցախի պատերազմի նահատակներու հոգւոց հանգստութեան եւ խաղաղութեան համար։

Շաբաթ, Յունուար 2, 2021