ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Հայաստանի Փաստաբանական ակադեմիոյ վերատեսուչ Արա Զօհրապեանի կողմէ գլխաւորուած խումբ մը եկեղեցասէրներ։ Հարկ է նշել, որ Արա Զօհրապեան միեւնոյն ժամանակ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի իրաւախորհրդատուական յանձնախումբի անդամներէն է։ Վեհափառ Հայրապետը հանդիպման ընթացքին իր օրհնութիւնը փոխանցեց հիւրերուն, գնահատեց անոնց ազգանուէր եւ եկեղեցասէր ոգին եւ նախանձախնդրութիւնը քրիստոնէական սուրբ հաւատքի եւ ազգային նուիրական արժէքներու նկատմամբ։ Ան հաստատեց, որ եկեղեցին՝ հակառակ ամէն տեսակ խոչընդոտի ու դժուարութեան, պիտի շարունակէ անշեղօրէն իրականացնել հոգեփրկչական եւ ազգապահպան իր առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս եւ ջանքեր գործադրել ի նպաստ բարոյական եւ ազգային արժեհամակարգի անաղարտ պահպանման։

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ Արցախէն տեղահանուած հայերուն ի նպաստ ցուցաբերուած աջակցութեան ծրագիրներուն։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ գործունէութեան առաւել արդիւնաւորման։

Շաբաթ, Մարտ 2, 2024