ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնադրութիւն։ Այսպէս, Շաբաթ, 25 Ապրիլ 2015-ին, Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին տեղի ունեցաւ կոչման արարողութիւնը: Եօթ ընծայեալները ծնկաչոք իրենց խարտաւիլակին՝ Դպրեվանքի Տեսուչ Տ. Թորգոմ Վարդապետ Տօնոյեանի առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դաս, ուր ձեռնադրիչը՝ Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան կատարեց հաւատքի խոստովանութիւնը: Ընծայեալները նախ նզովեցին բոլոր հերետիկոսները եւ այն ուսուցումները, որոնք անյարիր են Եկեղեցւոյ ճշմարիտ դաւանանքին: Ապա, անոնք անգամ մը եւս հաստատեցին Հայ Եկեղեցւոյ դաւանանքին ու սրբազան հայրապետներու հաստատած կանոններուն իրենց հաւատարմութիւնը:
Կիրակի, 26 Ապրիլ 2015-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին հանդիսապետեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը: Նախքան «Հաւատամք»ը, սկսաւ քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութիւնը: Նորընծաները խարտաւիլակ Հայր Սուրբին առաջնորդութեամբ ծնկաչոք բարձրացան խորան եւ «Աստուածային եւ երկնային շնորհ» շարականի երգեցողութեամբ հրաժարեցան աշխարհական կեանքէն: Աղօթքներու ու աստ-ւածաշնչական ընթերցումներով եւ ձեռնադրիչ սրբազանին կողմէ կար-դացուած խրատականներով անոնք անգամ մը եւս հրաւիրուեցան գիտակցելու այն մեծ խորհուրդին, որուն պիտի արժանան Ս. Հոգւոյ ներգործութեամբ, Քրիստոսի ծանր բայց քաղցր լուծը առնելով իրենց ուսերուն:
Սրբալոյս միւռոնով օծման պահուն, ձեռնադրիչ Սրբազանը դրոշմեց ընծայեալներուն ճակատները, աջ ու ձախ ձեռքերը, Աստուծոյ ու Ս. Եկեղեցւոյ ծառայութեան ընծայուած «նոր մարդ» դառնալու հրաւիրեց եւ քահանայական անուններ տուաւ՝ Յակոբ Սրկ. Գարտանաքեան վերանուանուեցաւ՝ Տ. Թաթուլ Աբեղայ, Յովհաննէս Սրկ. Թէփիրճեան՝ Տ. Պսակ Աբեղայ, Խաժակ Սրկ. Նալպանտեան՝ Տ. Ռուբէն Աբեղայ, Յարութիւն Սրկ. Բանճարճեան՝ Տ. Յովակիմ Աբեղայ, Կարապետ Սրկ. Նաճարեան՝ Տ. Զաւէն Աբեղայ, Շանթ Սրկ. Շարոյեան՝ Տ. Արտաւազդ Աբեղայ եւ Գէորգ Սրկ. Նալպանտեան՝ Տ. Սեւակ Աբեղայ: Նոր օծում ստացած միաբանները իրենց առաջին խաղաղութեամբ օրհնեցին բոլոր ներկաները:
Ապա, ձեռնադրիչ սրբազանը տուաւ իր քարոզը։ «Ողջոյն»ի պահուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս եւ միաբան հայրերը խորան բարձրանալով համբուրեցին նորաօծ ճակատները: Ձեռնադրութեան կնքահայրութիւնը ստանձնած էր Զարեհ Պէզիկեան, որ նորընծաներուն ճակատներուն եւ ձեռքերուն լուացումը կատարեց:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ կատարեալ հնազանդութեան, կամաւոր աղքատութեան եւ կրօնական ողջախոհութեան ուխտերու խորհրդանիշը հանդիսացող վեղարի օրհնութիւնը:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, նորընծաները բարձրացան Վեհարան, ուր Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը ուղղելով անոնց։ Աւարտին ընծայեալները ստացան Արամ Ա. Կաթողիկոսին օրհնութիւնը: Ապա, դասին մէջ ներկայ հաւատացեալները մօտեցան նորընծաներուն՝ աջահամբոյրով ստանալու համար անոնց առաջին օրհնութիւնը:
Եկեղեցական
- 11/27/2024