ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն Հալլէ-Վիթենպերկի «Մարթէն Լութէր» համալսարանի վերատեսուչ Փրոֆ. Ուտօ Շթրաթէրի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Երեւանի Պետական լեզուաբանական համալսարանի Հեռանկարային ուսումնասիրութիւններու եւ նախաձեռնութիւններու կեդրոնի գիտական ղեկավար Տիգրան Թորոսեան։
Զրոյցի սկիզբին Տիգրան Թորոսեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց հիւրերը եւ անդրադարձաւ Պետական լեզուաբանական համալսարանի հետ նախատեսուած համագործակցութեան հեռանկարներուն։ Այնուհետեւ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց հիւրերը ու շեշտեց, թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ համալսարանի միջեւ գոյութիւն ունի բազմամեայ սերտ համագործակցութիւն։ Նորին Սրբութիւնը հիւր վերատեսուչին յայտնեց իր գնահատանքը՝ Մայր Աթոռի միաբաններուն եւ առհասարակ հայ երիտասարդներուն նկատմամբ ընձեռուած ուսման հնարաւորութիւններուն համար։ Իր կարգին, Ուտօ Շթրաթէրն ալ ողջունեց երկու համալսարաններու միջեւ հաստատուող կապերը, որոնք կարեւորեց նաեւ մշակութային փոխադարձ ճանաչման տեսանկիւնէն։
Տեսակցութեան ներկայ գտնուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։