ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ՝ Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆԸ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ցաւակցագիր մը յղեց Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոս, Զուիցերիոյ համադաշնակցութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքին։ Վեհափառ Հայրապետի ցաւակցականին մէջ նշուած է հետեւեալը.

*

Ցաւ էր մեզի համար լսել մեր ժողովուրդի մեծանուն եւ տաղանդաշատ զաւակ Շարլ Ազնաւուրի մահուան լուրը։

Վշտալի է կորուստը արժանաւոր հայորդիի, որ հարազատ ժողովուրդի փառքն ու պատիւը աւելցուց ու պայծառացուց իր հռչակով, շնորհներով, բարձր արուեստով եւ աշխարհի զանազան երկիրներու յայտնի բեմերուն վրայ հնչեցուցած իր անզուգական կատարումներով։

Այսօր մխիթարութեամբ կ՚անդրադառնանք, որ բարեյիշատակ Շարլ Ազնաւուր հոգուով ու սրտով միշտ եղած է Հայաստանի հետ, հպարտացած իր ազգային ինքնութեամբ։ Մեր ժողովուրդին պատուհասած աղիտալի երկրաշարժի օրերուն Ազնաւուր երգեց ժողովուրդի ցաւը շատ յայտնի երգիչներու հետ, իր բոլորանուէր ջանքերը բերաւ Հայաստանի օգնութեան համար։ Իր հանրայայտ երգերու շարքին են նաեւ Հայաստանին, ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն նուիրուած ստեղծագործութիւնները, որոնք վերստին կը բացայայտեն մեծանուն հայորդիի հայրենասէր եւ ազգանուէր ոգին։

Շարլ Ազնաւուրի մահը կորուստ մըն է ամբողջ աշխարհի համար, որովհետեւ ան իր համաշխարհային ճանաչումով ու արժէքով նաեւ ողջ մարդկութեան զաւակն է, որուն գիտեն, կը սիրեն եւ որու համար այսօր կ՚աղօթեն ամէնուր։ Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած մեծանուն հայորդիի հոգւոյ հանգստութեան համար։

Հոգելոյս Շարլ Ազնաւուր մեզի թողուց իր վառ կերպարը, հիասքանչ երգերը, սէրն ու բարութիւնը եւ երկրաւոր ճանապարհը աւարտելով՝ կը շարունակէ իր ընթացքը դէպի յաւերժութիւն եւ յաւիտենական կեանք։  

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2018