ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ աւարտին հասաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը, որ գումարուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ։ Նիստերուն ատենապետեց Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ԳՀԽ-ի անդամներուն տեղեկութիւններ փոխանցեց Պոլսոյ Աթոռին վերաբերեալ զանազան հարցերու եւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ։

Օրակարգին վրայ առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ դարձան 1-8 նոյեմբեր 2020 թուականին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուելիք Ազգային-եկեղեցական ժողովի կազմակերպման ընթացքին, նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ օրակարգի ձեւաւորման վերաբերեալ նիւթեր։

Միւս կողմէ, երէկ, ԳՀԽ-ի նստաշրջանի եզրափակիչ փուլին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ, ԳՀԽ-ի անդամները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Հայաստանի վարչապետը, որու հետ քննարկուեցան եկեղեցի-պետութիւն համագործակցութեան վերաբերեալ զանազան հարցեր։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 2, 2019