ԸՆԴ ԵՐԿԱ՜ՅՆ ԱՒՈՒՐՍ…
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ հօտին համար այս շաբաթավերջը ունի բացառիկ նշանակութիւն։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գահակալութեան 25-ամեակը բոլորը կը համակէ հոգեւոր ուրախութեամբ ու բոլորը կը վերամրապնդէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ հաւատարմութեան մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը արդէն քառորդ դար բոլորած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի գահուն վրայ. գա՛հ՝ անշարժ, ընդհանրական եւ նուիրական… Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի անձը դարերու հոլովոյթին մէջ պարփակած է հայ ժողովուրդի լինելութեան, ինքնութեան, ժառանգութեան եւ յարատեւութեան գաղտնիքը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետն ալ 25 տարիէ ի վեր այդ վսեմ կերպարը կը ներկայացնէ հայ իրականութեան մէջ։ Ան ո՛չ միայն եղած է աւանդութեան մը շարունակութիւնը, այլեւ այն իմաստուն ու անվրդով Հայրապետը, որ նորովի կ՚արժեւորէ իր առաքելութիւնը, նոր հարթութեան վրայ դրած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան գործունէութիւնը, նոր շունչ բերած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ իր աշխատանքով նոր չափանիշներ կը սահմանէ հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։
25 տարիներէ ի վեր Նորին Սրբութիւնը իր աշխարհասփիւռ հօտին՝ հայոց ազգին արթուն պահակն է։ Ան իր հօտը կը հովուէ՝ իմաստութեամբ, հեռատեսութեամբ եւ վճռակամութեամբ։ Իր անունը նոյնացած է ծառայասիրութեան, պայծառակերպութեան, պայքարունակութեան եւ դիմադրութեան հետ։ Իր տեսիլքով պայմանաւորուած հրաշագործութիւնները կու գան ապացուցանել, որ յամառ ու համախմբուած աշխատանքը, Աստուծոյ ապաւինութեամբ յանձնառութիւնը, Քրիստոսի սիրով շռայլուած ջանքերը անպայման կ՚արդիւնաւորուին՝ երաշխաւորելով ազգի հաւաքական ձեռքբերումները։
Քառորդ դարէ ի վեր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը թիւ մէկ սպասաւորն է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, առաջին սաղմոսերգուն, Միածնաէջ Սուրբ Սեղանին առջեւ կատարած երդումին միշտ հաւատարիմ՝ ան կ՚ընթանայ Հայրապետի բարձրութեան յարիր ուղիով. ուղի, որ կ՚ենթադրէ բազում փորձութիւններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին յաղթահարումը ամէն անգամ կ՚արդարացնէ Վեհափառ Հայրապետին նախախնամական ներկայութիւնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի գահուն վրայ։
25 տարիէ ի վեր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կ՚աղօթէ իր ազգին, իր հօտին համար։ Ան երկրագունդի 10 միլիոն հայու բարոյական հայրն է. 10 միլիոն հայ, որու միակ ապաւէնն ու յոյսն է Հայրապետի Սուրբ եւ Օծեալ Աջի զօրութիւնը։ 10 միլիոն հայ, որ իւրաքանչիւր արշալոյսին կը խաչակնքէ եւ կեանքի պայքարի կը նետուի՝ ճակտի միւռոնին պայմանաւորած շնորհով եւ ուժով. միւռոն, որ կ՚օրհնուի իր Հայրապետին ձեռամբ։
25 տարի առաջ, երբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամեայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը գահ կը բարձրանար, Հայաստանի Հանրապետութեան երկինքին սեւ ամպեր կուտակուած էին Ազգային ժողովի ողբերգական ահաբեկչութեան հետեւանքով։ Հայրապետական գահու վրայէն սեւ քօղը վերացուցած էր Նորին Սրբութիւնը, որ լաւատեսութեան հորիզոն մը ուրուագծած էր հայոց ազգին համար։ Այսօր ալ, իր գահակալութեան 25-ամեակին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ջանայ դիմագրաւել յետպատերազմեան արհաւիրքներ, կը ջանայ յաղթահարել գոյաբանական մարտահրաւէրներ, Վեհափառ Հայրապետին աղօթքը դարձեալ կենսական է ու կենսատու։ Իր անխախտ կամքով իրագործուած Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերանորոգումէն վերջ, Ամենայն Հայոց Սրբութիւն Սրբոցի վերաօծումն ու պաշտամունքի վերաբացումը նորովի լաւատեսութեան եւ ինքնավստահութեան աղբիւր մը դարձած է համայն հայութեան տեսակէտէ։
Որպէս Հայոց Հայրապետական Աթոռի 132-րդ գահակալ՝ Նորին Սրբութիւնը անցեալ քառորդ դարը նշանաւորեց՝ իբրեւ դժուարութիւններով ձեռք բերուած, յաջողութիւններու եւ նուաճումներու տարիներ։ Հայաստանի տեսակէտէ ճակատագրականօրէն դժուարին ու լարուած իրավիճակի մը մէջ ընտրուելէ վերջ ան գահ բարձրացաւ իւրօրիակ իրավիճակի մը պայմաններով, երբ միախառնուած էին անէծքն ու օրհնութիւնը, լոյսն ու խաւարը։ Մէկ կողմէ սպանդ ու ոճրագործութիւն, միւս կողմէ Հայրապետի գահակալութեան ուրախութիւն։ Այսօր, նոյնիսկ ժամանակային հեռաւորութենէն շատերուն համար անմոռանալի են յաղթահարել այդ օրերու տագնապներն ու յոյզերը։ Այդ իրադարձութիւնները էականօրէն կանխորոշեցին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի առաքելութիւնը։ Ան առաջնորդուեցաւ այն սկզբունքով, թէ եկեղեցին երբեք չի հաւատար յեղափոխութեան, այլ կը հաւատայ հոգեփոխութեան։ Կեանքի բոլոր ասպարէզներուն սա եղած է եկեղեցւոյ ընկերային հաւատամքը, որուն հաւատարիմ եղած է ու կը մնայ Վեհափառ Հայրապետը։ Համայն հայութեան ուղղեալ հայրապետական իր առաքելութիւնը Նորին Սրբութիւնը ծաւալած է բազմաթիւ ուղղութիւններով, որոնք դժուար թէ ամփոփուին մէկ շունչով։
Իր գահակալութեան շրջանին վերաշխուժացաւ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ու բարձրացաւ անոր ձգողականութիւնը։ Վերակազմակերպուեցան եկեղեցասէր երիտասարդաց միութիւնները՝ մինչ իր գահակալութեան տարիները կ՚առանձնանան նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ կառավարման ոլորտէն ներս արձանագրուած յաջողութիւններով։ Երկար տարիներու ընդմիջումէ վերջ գումարուեցաւ եպիսկոպոսաց ժողով, կեանքի կոչուեցաւ եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովը, բազմաթիւ թեմերէ ներս ներդրուեցան կանոնադրութիւններ, որոնք Հայ Եկեղեցւոյ կանոնական սկզբունքները հարազատօրէն կը ցոլացնեն։
Վեհափառ Հայրապետի ժամանակակիցները մեծապէս ուրախ եւ հպարտ են, որ ականատեսն ու մասնակիցն են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ փառաւոր էջերէն մէկուն կերտման՝ անցեալի արժեւորմամբ, ներկայի ազգաշէն գործերով, լուսաւոր ապագայի տեսլականով։ Այս քառորդ դարուն Հայ Եկեղեցին ապրեցաւ հոգեւոր վերածնունդի եւ զարթօնքի, բարգաւաճման ու բարեփոխումներու շրջան՝ շնորհիւ Նորին Սրբութեան ներդրած ջանքերուն եւ հետեւողական ու նուիրեալ աշխատանքին։ Անցեալ 25 տարիները եղան Հայ Եկեղեցւոյ համար զօրացման, բարեկարգման եւ եկեղեցաշինութեան շրջան մը՝ առաւել ճանաչելի դարձնելով զայն միջազգային եւ համաշխարհային հասարակութիւններու կամ կրօնական ու աշխարհիկ կառոյցներու առջեւ։ Այս 25 տարիները եղան ո՛չ միայն տեսանելի, քարակերտ եկեղեցաշինութեան տարիներ, այլեւ անտեսանելի՝ մարդկային հոգիի եւ մտքի մէջ հոգեւոր տաճարներու շինութեան տարիներ, անձնուէր ծառայութեան ու նուիրումի տարիներ՝ որպէս օրինակ եւ ներշնչումի աղբիւր բոլորին համար՝ խօսքով, վարմունքով, սիրով ու հաւատքով։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. ազգընտիր Հայրապետին շնորհիւ անզէն աչքով նկատելի եւ անվիճելի է այն իսկական զարթօնքը, որ կրնայ բոլոր ժամանակներու փորձաքարերուն առջեւ կանգնիլ։ Վեհափառ Հայրապետը իմաստութեամբ, աշխատասիրութեամբ ու խոնարհութեամբ բոլորին ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս պէտք է յաղթահարուին մարտահրաւէրները՝ Հայ Եկեղեցին առաջնորդելով առաւել զօրացման։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցին Տիրոջ փրկչարար խօսքի քարոզութեան ու լոյսի տարածման, ազգային եւ քրիստոնէական արժէքներու պահպանման ու տարածման հետամուտ է՝ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի եռանդով, աներեր կամքով։
Նորին Սրբութեան գահակալութեան 25-ամեակին առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայրապետական մաղթանք։ Բոլորը կ՚աղօթեն իր արեւշատութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։ Այդ աղօթքներուն ընդմէջէն կը բիւրեղանայ, որ Վեհափառ Հայրապետը արդէն բոլոր սերմերը ցանած, հունտերը դրած է, որպէսզի ծաղկի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կարողանայ շարունակել իր դերակատարութիւնը ազգային-եկեղեցական անդաստանէն ներս։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այն հովուապետն է, այն հովիւն է, որու հաւատքի ամրութիւնը, մտքի պայծառութիւնն ու հօտին նկատմամբ անծայրածիր սէրը կը պայմանաւորեն իր քաջութիւնը։ Ան այն քաջ հովիւն է, որ հօտը ամէն փորձութենէ խնայել կը ջանայ իր քաջատեղեակութեամբ։
Լուսաւորչի նուիրական գահուն վրայ արեւշատ ու բազում տարիներ կը մաղթենք Վեհափառ Հայրապետին՝ մեր հերթին համբոյր մատչելով իր Սուրբ եւ Օծեալ Աջին, որ հովանին է համայն հայութեան։
Եկեղեցական
- 11/26/2024