ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ ոգեկոչուեցան Պաքուի եւ Սումկայիթի մէջ իրականացուած հայոց ջարդերու զոհերը։ Այսպէս, այդ ջարդերու 30-րդ տարելիցին առթիւ Ս. Գայիանէի վանքէն ներս հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի։ Օրուան պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ան յայտնեց, որ ապագային նման երեւոյթները բացառելու գրաւականն է Հայաստանի շուրջ համախմբումը, հայոց պետականութեան ամրապնդումը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ։ Հոգեւորականաց դասը եւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը աղօթք բարձրացուցին առ Աստ-ւած ջարդերու զոհ գացած հայորդիներու հոգւոց խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար։

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2020