ԺԱՄԿԷՏԸ ՄԻՇՏ ԱՆՈՐՈՇ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը հար­ցազ­րոյց մը տուաւ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան։ Այս առ­թիւ ան անդ­րա­դար­ձաւ ներ­կայ տա­րուան տա­րե­լի­ցին եւ ը­սաւ. «Պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը մեր ժո­ղո­վուր­դի դա­տի էու­թիւնն է»։ Գոր­ծա­կա­լու­թեան թղթա­կից Յաս­միկ Յա­րու­թիւ­նեա­նի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Կի­լի­կիան Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լը նշեց, որ տա­րե­մու­տին ըն­դու­նուած Հա­մա­հայ­կա­կան հռչա­կա­գի­րը ա­ռա­ջին եւ մե­ծա­պէս կա­րե­ւոր քայլն է հա­մա­հայ­կա­կան մտա­ծո­ղու­թեան եւ աշ­խա­տան­քի։ Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս խօ­սած է նաեւ Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի տա­րած­քի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բեր­ման հա­մար ի­րենց կող­մէ նա­խա­տե­սուած դի­մում­նե­րուն՝ Թուր­քիոյ պատ­կան դա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մօտ։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ նշած է հե­տե­ւեա­լը.

«Ինչ կը վե­րա­բե­րի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան խոր­քին ու բնոյ­թին, կը կար­ծենք, ժա­մա­նակն է, որ մեր աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ կի­զա­կէ­տը դառ­նայ ի­րա­ւա­կան ո­լոր­տը։ Բնա­կա­նա­բար, յի­շե­լու եւ յի­շեց­նե­լու մեր աշ­խա­տանք­նե­րը պէտք է շա­րու­նա­կուին, սա­կայն մե­ծա­պէս անհ­րա­ժեշտ է, որ մեր դա­տը մուտք գոր­ծէ ի­րա­ւա­կան դաշտ։ Տաս­նա­մեակ­ներ ա­ռաջ հայ դա­տի մա­սին խօ­սե­լու ժա­մա­նակ կ՚ը­սէինք՝ այժ­մէա­կա­նու­թիւն, քա­ղա­քա­կա­նա­ցում եւ մի­ջազ­գայ­նա­ցում։ Այս ուղ­ղու­թեամբ գնա­հա­տե­լի աշ­խա­տանք կա­տա­րուած է։ Այս գոր­ծըն­թա­ցը շա­րու­նա­կե­լով հան­դերձ անհ­րա­ժեշտ է ծրագ­րուած կեր­պով եւ հանգ­րուա­նա­յին մօ­տե­ցում­նե­րով մուտք գոր­ծել ի­րա­ւա­կան դաշտ։ Սա­կայն պէտք է ըլ­լալ ի­րա­տես, այս բնա­գա­ւա­ռը այդ­քան ալ վար­դա­գոյն պատ­կե­րով մը չի ներ­կա­յա­նար։ Մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի տուեալ­նե­րը այդ­քան ալ նպաս­տա­ւոր չեն մեր դա­տին տե­սա­կէ­տէ։ Աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան պայ­ման­նե­րը նոյն­պէս։ Հա­կա­ռակ այս դառն ի­րո­ղու­թեան, պէտք չէ ու­նե­նալ պար­տուո­ղա­կան ո­գի եւ կրա­ւո­րա­կան մօ­տե­ցում, այլ քա­ջու­թիւն ի­րա­ւա­կան ո­լոր­տի մէջ գործ­նա­կան քայ­լե­րու դի­մե­լու հա­մար։ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան առ­նե­լիք ի­րա­ւա­կան քայ­լը կը հե­տապն­դէ այս նպա­տա­կը։

«Ինչ­պէս գի­տէք, շուրջ ե­րեք տա­րիէ ի վեր մենք լծուած ենք յա­տուկ աշ­խա­տան­քի։ Ի­րա­ւա­կան թղթած­րար մը կը պատ­րաս­տենք՝ պա­հան­ջե­լու հա­մար Սի­սի մեր պատ­մա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նը։ Այս քայ­լին պէտք է յա­ջոր­դեն մեր ազ­գա­պատ­կան եւ ան­հա­տա­կան կա­լուած­նե­րու պա­հան­ջը։ Սա­կայն սա դիւ­րին գործ մը չէ։ Հե­տե­ւո­ղա­կան եւ լուրջ աշ­խա­տանք կը պա­հան­ջէ այս մէ­կը, նաեւ նիւ­թա­կան լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն։ Հե­տե­ւա­բար, 100-րդ տա­րե­լի­ցէն յե­տոյ այս ուղ­ղու­թեամբ պէտք է դի­մենք անհ­րա­ժեշտ գործ­նա­կան քայ­լե­րու։ Անհ­րա­ժեշտ է մեր ար­խիւ­նե­րը քննել, ու­սում­նա­սի­րել, կազ­մել մեր կո­րուստ­նե­րը եւ ու­սում­նա­սի­րել այդ հար­ցի ա­ռըն­չու­թեամբ մի­ջազ­գա­յին օ­րէնք­նե­րը։ Այս ուղ­ղու­թեամբ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն գնա­հա­տե­լի աշ­խա­տանք կա­տա­րուած է։ Անհ­րա­ժեշտ է այդ աշ­խա­տանք­նե­րը հա­մա­հայ­կա­կան ճի­գով ա­ւե­լի լայն հիմ­քի մը վրայ դնել եւ ճշդել աշ­խա­տան­քի գոր­ծըն­թա­ցը։ Այս ուղ­ղու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թեան դե­րը խիստ կա­րե­ւոր է։ Ան ա­ռաջ­նոր­դի դեր պէտք է ստանձ­նէ, ո­րով­հե­տեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի դա­տի ի­րա­ւա­տէ­րը Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թիւնն է»։

­Հարկ է նշել, որ ան­ցեալ ա­շու­նէն ի վեր Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս օ­րա­կար­գի վրայ կը պա­հէ Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի տա­րած­քի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­ձեռք­բե­րե­լու խնդի­րը։ Մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին ան հա­մա­պա­տաս­խան դի­մու­մին հա­մար նշած էր զա­նա­զան ժամ­կէտ­ներ, ո­րոնք ար­դէն ի դե­րեւ դուրս ե­կած էին։ Իսկ «Ար­մէնփ­րէս»ին տրուած այս վեր­ջին հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս չէ խօ­սած ժամ­կէտ­նե­րու շուրջ։ Ան­թի­լիա­սի աղ­բիւր­նե­րը վեր­ջերս տե­ղե­կա­ցու­ցած էին, որ դի­մու­մի թղթած­րա­րին պատ­րաս­տու­թիւ­նը վեր­ջին փու­լին մէջ է։ Նո­րին Սրբու­թեան այս վեր­ջին հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ ընդգ­ծուած է, որ ի­րա­ւա­կան թղթած­րա­րը կը պատ­րաս­տուի, ինչ որ տպա­ւո­րու­թիւն կը ստեղ­ծէ, թէ այս հար­ցին շուրջ շօ­շա­փե­լի զար­գա­ցում­նե­րը տա­կա­ւին կը կա­րօ­տին ժա­մա­նա­կի։

Ուրբաթ, Մարտ 20, 2015