ՄԵԾԱՀԱՆԴԷՍ ԿԱՐԳ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը ապ­րե­ցաւ յատ­կան­շա­կան շա­բա­թա­վերջ մը։ Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին ու­շադ­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի օ­րա­կար­գին վրայ։ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը ներ­կա­յա­ցու­ցին Վի­րա­հա­յոց Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Վազ­գէն Եպսկ. Միր­զա­խա­նեան եւ Տ. Վար­դան Եպսկ. Նա­ւա­սար­դեան։ Ներ­կայ էին նաեւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան եւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, ո­րոնց կ՚ըն­կե­րա­նար նաեւ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան։ Դա­ւա­նա­կից ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն եւ այլ քոյր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կող­մէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւս մաս­նակ­ցե­ցան միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան, որ ձօնուած էր 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի գա­հա­կա­լու­թեան 20-ա­մեա­կին զու­գա­դի­պած ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան։

Պիք­ֆա­յա­յի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին վան­քի շրջա­փա­կին մէջ գտնուող Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ կա­տա­րուե­ցաւ սրբա­լոյս միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի գա­հա­կա­լը տուաւ իր պատ­գա­մը։ Հրա­պա­րա­կուե­ցաւ նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին պատ­գա­մը, ո­րու մէջ նշուած էր հե­տե­ւեա­լը. «Սրբա­ցեալ մեր նա­հա­տակ­նե­րու եւ բո­լոր սուր­բե­րու բա­րե­խօ­սու­թեան ա­ղեր­սով այժմ կը միա­ւո­րենք մեր ա­ղօթք­նե­րը Սուրբ Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան ա­ռի­թով՝ հայ­ցե­լով, որ Տէ­րը ա­նոր պար­գե­ւէ մե­զի հո­գե­ւոր խա­ղա­ղու­թիւն, դէ­պի Աս­տուած ան­սայ­թաք ըն­թացք եւ մեր կեան­քը պահ­պա­նէ խա­ղա­ղու­թեան ու բա­րօ­րու­թեան մէջ»։

Շա­բաթ ե­րե­կո­յեան կա­տա­րուած միւ­ռո­նօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թե­նէն վերջ, ե­րէկ Ան­թի­լիա­սի Ս. Գր. Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր Ս. Պա­տա­րագ, իսկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­մերգ մը։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած Պատ­րիար­քա­րա­նի պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը այ­սօր յետ­մի­ջօ­րէին հրա­ժեշտ կ՚առ­նէ Պէյ­րու­թէն։ Ան­թի­լիա­սի վան­քէն դուրս գա­լէ ա­ռաջ, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան հրա­ժեշ­տի հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին հետ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 20, 2015