ԵՐԿՈՒ ՆՈՐ ՎԱՐԴԱՊԵՏ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն՝ Տ. Սամուէլ Աբեղայ Մխիթարեան եւ Տ. Սիփան Աբեղայ Գէորգեան նախընթաց օր, Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ ստացան մասնաւոր վարդապետութեան աստիճան։ Տուչութիւնը կատարեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։ Հարկ է նշել, որ նոր վարդապետները բոլորովին վերջերս պաշտպանած էին իրենց թեզերը։
Տուչութենէն վերջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Տ. Սամուէլ Վրդ. Մխիթարեանն ու Տ. Սիփան Վրդ. Գէորգեանը, որոնց հետ էին՝ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ իր հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցեց նոր վարդապետներուն, որոնց նուիրեց լանջախաչեր։
Եկեղեցական
- 11/27/2024