Չորեքշաբթի 27, Նոյեմբեր 2024
ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Պերլինի մէջ կը մասնակցի Եւրոպայէ ներս բարեփոխման (ռեֆորմ) 500-ամեակին ձօնուած յոբելենական հանդիսութիւններուն։ Նորին Սրբութիւնը մասնակցութիւն կը բերէ այս յոբելեանի յիշատակութեան շրջանակներէն ներս կազմակերպուած պաշտօնական ձեռնարկներուն։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը երէկ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու պետերուն ալ մասնակցութեամբ պաշտօնական հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ Նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայէրի հետ։
Բաց աստի, Վեհափառ Հայրապետը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Պերլինի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Տեղւոյն Լուիզն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը գերմանահայ հաւատացեալներուն փոխանցեց իր հայրական պատգամն ու օրհնութիւնները։
Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 20, 2017
Եկեղեցական
- 11/27/2024