ԱՅՍ ԿԻՐԱԿԻ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Հայաստանի մէջ այս կիրակին հռչակուած է՝ Արցախի պատերազմի ժամանակ հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակութեան օր։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը օրեր առաջ հանդէս եկած էին համապատասխան կոչով մը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս կիրակի տեղի պիտի ունենայ յիշատակի արարողութիւն։ Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի հաղորդումներով, յիշատակի արարողութիւնը նախատեսուած է Մայրավանքի համալիրէն ներս՝ Ս. Տրդատի բաց խորանին։
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Արցախէ ներս հայկական ժառանգութեան պահպանման համար։ Նորին Սրբութիւնը խոր երախտագիտութիւն յայտնեց անձամբ Փութինի կողմէ ներդրուած ջանքերուն բերումով՝ Ատրպէյճանին յանձնուող տարածքներէ ներս հայ ժողովուրդի պատմական ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը այս ամբողջին մէջ մասնաւորապէս ընդգծեց, որ ռուս խաղաղապահներու տեղակայման շնորհիւ կարելի եղած է Դադիվանքէ ներս ապահովել եկեղեցական ծառայութիւնը։