Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այ­սօր կը մեկ­նի Լոս Ան­ճե­լըս, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ Իր այ­ցե­լու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմտեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։

Պատ­րիար­քա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ կազ­մա­կեր­պուած է Շնորհք Պատ­րիարք Գա­լուս­տեա­նի վախ­ճան­ման 25-ա­մեա­կին առ­թիւ ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն մը, ո­րուն իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը պի­տի բե­րէ նաեւ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը։ Այս Կի­րա­կի Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան պի­տի պա­տա­րա­գէ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Սրբոց Ղե­ւոն­դեանց մայր տա­ճա­րին մէջ, որ կը գտնուի Պըր­պեն­քի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի հա­րե­ւա­նու­թեամբ։ Նո­րին Սըր-բազ­նու­թիւ­նը Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին պի­տի տայ օ­րուան պատ­գա­մը։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան քա­ղաքս պի­տի վե­րա­դառ­նայ յա­ռա­ջի­կայ Հինգ­շաբ­թի՝ Յու­նուա­րի 28-ին։

Միւս կող­մէ, ե­րէկ, Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Իս­թան­պու­լի մօտ Չե­խիոյ ա­ւագ հիւ­պա­տոս Փեթր Մա­րէ­սը։ Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ գոր­ծու­նէու­թեան եւ թրքա­հայ հա­մայն­քա­յին կեան­քին շուրջ։ Կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կուե­ցան փոք­րա­մաս­նու­թեանց վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու շուրջ։

ԱՂԹԱՄԱՐԻ ՄԱՍԻՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Մինչ այդ, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ Աղ­թա­մա­րի Ս. ­Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ սուրբ պա­տա­րագ­նե­րու մա­տուց­ման վե­րա­բե­րեալ կա­ռա­վա­րու­թեան վեր­ջին մօ­տե­ցում­նե­րուն շուրջ։ Մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցած են այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ նո­րու­թիւն­նե­րուն։ Աղ­թա­մա­րի վե­րա­բե­րեալ այս նո­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին խօ­սած է նաեւ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը։

Ինչ­պէս կը տե­ղե­կաց­նէ «Միլ­լի­յէթ» օ­րա­թեր­թը, Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ը­սած է, որ Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ պա­տա­րագ­նե­րու քա­նա­կի ա­ւե­լա­ցու­մը ի­րենց հա­մար կա­րե­ւո­րու­թիւն չի ներ­կա­յաց­ներ: Ըստ ի­րեն՝ ա­ռայժմ կրնան տա­րին ըն­դա­մէ­նը մէկ ան­գամ պա­տա­րագ մա­տու­ցել: Պատ­րիար­քա­կան փո­խա­նոր­դը այս հան­գա­ման­քը բա­ցատ­րած է պա­տա­րա­գի մաս­նա­կից­նե­րու քա­նա­կի նուազ­մամբ եւ տա­րա­ծքաշր­ջա­նին մէջ տի­րող ի­րա­վի­ճա­կով՝ յի­շեց­նե­լով, որ 2015 թուա­կա­նի Սեպ­տեմ­բե­րին նա­խա­տե­սուած պա­տա­րա­գը տա­րա­ծքաշրջա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցող զի­նեալ բա­խում­նե­րու պատ­ճա­ռով չկրցան ի­րա­կա­նաց­նել:

Անդ­րա­դառ­նա­լով Ս. Խա­չին մէջ պա­տա­րագ­նե­րը ա­ւելց­նե­լու ո­րոշ­ման՝ Տ.­ Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ը­սած է. «Ա­ռանց այդ ալ պա­տա­րա­գի մաս­նա­կից­նե­րը տա­րին ան­գամ մը կրնան գալ: Նա­խորդ տա­րի­նե­րուն հա­զա­րէ ա­ւե­լի մաս­նա­կից­նե­րու թի­ւը նուա­զած է՝ հաս­նե­լով մօտ հինգ հա­րիւ­րի: Այս ո­րո­շու­մը մե­զի հա­մար ո­րե­ւէ փո­փո­խու­թիւն չի բե­րեր եւ պար­տա­դիր բնոյթ չու­նի: Սա­կայն, ե­թէ ար­տերկ­րէն խում­բեր գան եւ մե­զի դի­մեն պա­տա­րա­գի ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար, այդ ժա­մա­նակ մենք կրնանք օգ­տուիլ մեր այս ի­րա­ւուն­քէն: Այ­նուա­մե­նայ­նիւ, մենք ա­մէն տա­րի Սեպ­տեմ­բե­րի երկ­րորդ շաբ­թուան մէջ պա­տա­րագ պի­տի մա­տու­ցենք»:

Հարկ է նշել, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը մշա­կէ բա­րե­փո­խում­նե­րու ծրար մը, ուր տեղ  գտած են փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն ուղ­ղեալ ո­րոշ դրա­կան կար­գադ­րու­թիւն­ներ:

Մաս­նա­ւո­րա­պէս,  Վա­նի  Աղ­թա­մար կղզիին մէջ գտնուող Ս. Խաչ հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ պա­տա­րագ­նե­րը այ­սու­հե­տեւ կրնան մա­տու­ցուիլ ոչ թէ տա­րին ան­գամ մը, այլ՝ ըստ անհ­րա­ժեշ­տու­թեան, ո­րե­ւէ ա­տեն: Մշա­կուող այս թղթած­րա­րը հետզ­հե­տէ ար­ձա­գանգ կը գտնէ հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ, ո­րով­հե­տեւ կ՚ընդգր­կէ նաեւ կա­լուած­նե­րու վե­րա­դարձ­ման վե­րա­բե­րեալ հիմ­նա­կան հար­ցե­ր։

Հինգշաբթի, Յունուար 21, 2016