ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով եւ աւանդական հրճուանքով նշեց Ս. Վարդանանց յիշատակութեան տօնը։ Ազգային-եկեղեցական բնոյթով այս կարեւոր տօնին զուգահեռ կը նշուի նաեւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին անուանակոչութիւնը։ Երէկ ալ աշխարհի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Ս. Վարդանանց տօնը եւ կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կենաց արեւշատութեան եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի անսասանութեան համար։

Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երէկուան արարողութիւններուն նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը։ Ս. Գայիանէի վանքէն ներս մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, հանդիսապետութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու տնօրէն Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեանի, կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք։ Եկեղեցական դասն ու հաւատացեալ ժողովուրդը այս առթիւ առ Աստուած միասնական աղօթք բարձրացուցին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան անսասանութեան, շէնացման ու պայծառացման եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի արդիւնաւոր հովուապետութեան ու կենաց արեւշատութեան։

Միւս կողմէ, կրօնական արարողութիւններու առընթեր, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ս. Վարդանանց տօնին նուիրուած հանդիսութիւն մը։

Ուրբաթ, Փետրուար 21, 2020