ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀՐԱԺԵՇՏ

Երէկ, Անթիլիասի մէջ հրաժեշտ տրուեցաւ Կիլիկեան Աթոռի անմոռանալի ու երէց միաբաններէն նորոգ վախճանեալ Տ. Տիրայր Արք. Փանոսեանի, որու կորուստը վերջին օրերուն եկեղեցական կեանքէ ներս մեծ ցաւի պատճառ դարձաւ։ Հոգելոյս Տ. Տիրայր Արք. Փանոսեանի յուղարկաւորութեան, վերջին օծման ու թաղման յուզումնախառն արարողութիւնները տեղի ունեցան՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ։ Յընթացս Ս. Պատարագի կատարուեցաւ իր վերջին օծումը եւ մարմինը հողին յանձնուեցաւ Անթիլիասի միաբանական գերեզմանատան մէջ։ Վախճանեալ Տ. Տիրայր Արք. Փանոսեան յաւերժութեան ճանապարհը բռնեց՝ աղօթքով, խունկով, ծաղիկներով ու բիւր յարգանքով։ Հարկ է նշել, որ բարեյիշատակ սրբազանը վերջին շրջանին կը շարունակէր տիրական ներկայութեամբ աշխատիլ Անթիլիասի մատենադարանէն ներս՝ ի սպաս դնելով իր պաշարն ու փորձառութիւնը։

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Աւազանի անունով Փանոս։ Ծնած է Հալէպ, Սուրիա, 1937 թուականին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Կրթասիրաց ազգային վարժարանին մէջ, ապա 1961 թուականին՝ ընդունուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը։ 1963 թուականին ձեռնադրուած է սարկաւագ եւ 1965 թուականին՝ աբեղայ, վերակոչուելով Տ. Տիրայր։ 1967 թուականին ստացած է վարդապետական աստիճան, որպէս աւարտաճառ ներկայացնելով «Համառօտ պատմութիւն հայ-լատինական յարաբերութեանց սկիզբէն մինչեւ 1382 թուական», որ ապա հրատարակուած է։ Համալսարանական ուսումը ստացած է Անգլիոյ մէջ, 1968-1970 թուականներուն, ստացած է Leader of Christian Education վկայագիրը։ 1995 թուականին ստացած է ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան։ Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած է 1997 թուականին, իսկ արքութեան տիտղոս՝ 2010 թուականին։

1965-1972 թուականներու միջեւ վարած է Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի լուսարարապետի պաշտօնը։

1972-1979 թուականներուն ծառայած է Ատրպատականի թեմէն ներս՝ իբրեւ կաթողիկոսական փոխանորդ։

Վարած է ուսուցչական պաշտօն դպրեվանքէն եւ զանազան վարժարաններէ ներս։ 1966-1972 թուականներուն վարած է Հայ Եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարաններու վարիչ-տնօրէնի պաշտօնը եւ հինգ տարի հրատարակած է «Դրազարկ» տարեգիրքը։ Մայրավանքին մէջ զանազան պաշտօններու կողքին ստանձնած է մատենադարանապետի պաշտօնը 1984-1997 թուականներուն եւ նոյն պաշտօնը վերստանձնած՝ 2005-2019 թուականներուն։ 1998 թուականին վարած է Կաթողիկոսարանի տպարանի տեսուչի, իսկ 1999-2000 թուականներուն՝ «Թռչնոց բոյն»ի տեսչութեան պաշտօնները։

Հանգուցեալ սրբազանը եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաւատարիմ, նուիրեալ եւ աշխատունակ միաբաններէն մէկը։ Գիրն ու գրականութիւնը, յատկապէս գեղանկարչութիւնը մնայուն ներկայութիւն դարձած են իր կեանքին մէջ։

ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՅՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ

Շաբաթ, Մարտ 21, 2020