ՍՈՒԳԸ ՉՔԱՂԱՔԱԿԱՆԱՑՆԵԼ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ եպիսկոպոսներու ուղեկցութեամբ այցելեց Եռաբլուր զինուորական պանթէոն, ուր իր յարգանքի տուրքը մատուցեց Արցախի պատերազմին նահատակուած քաջորդիներու յիշատակին նկատմամբ եւ աղօթք բարձրացուց անոնց հոգիներու խաղաղութեան համար։ Նահատակաց պանթէոնի յուշարձանին մօտ ծաղկեպսակ մըն ալ զետեղելէ վերջ Վեհափառ Հայրապետը առանձին աղօթքներ կատարեց թարմ շիրիմներու գլուխը։ Այնուհետեւ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ս. Գայիանէի վանքի երդիքին տակ, Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի աւարտին՝ հերոսներու համար կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնին։ Արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը փոխանցեց հետեւեալ պատգամը համայն հայ ժողովուրդին։

*

Սիրելի հաւատաւոր զաւակներ Մեր,

Այսօր վերստին կ՚ոգեկոչենք լոյս յիշատակը հայրենիքի համար զոհուած մեր զինուորներու, աշխարհազօրայիններու եւ զօրահրամանատարներու, որոնք Արցախի պատերազմին խիզախաբար պայքարեցան թշնամիին դէմ եւ իրենց թանկագին արեան հեղումով ընդունեցին նահատակութեան անթառամ պսակը։ Քաջարի սխրագործութիւններով անոնք անմահացան մարտի դաշտին եւ ժառանգեցին յաւիտենական կեանքի պարգեւը, ինչպէս խոստացաւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս՝ ըսելով. «Արդ, Ես իրենց յաւիտենական կեանք կու տամ եւ անոնք յաւիտեան չեն կորչիր» (Յովհ. 10.28)։

Տէրունաւանդ խոստումին ապաւինած՝ մեր սիրասուն զաւակները իրենց կեանքը ընծայեցին հայրենիքին եւ անօրինակ սխրանքներով զարդարեցին հայոց ազատամարտի նորագոյն էջերը։ Հայ ժողովուրդը վերստին ծնաւ հերոսներ, որոնք բարձր ու լուսաշող տեղ գրաւեցին հայոց տարեգրութեան մէջ եւ երկնքին դասուեցան բոլոր ժամանակներու մէջ վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց մարտնչած ու նահատակուած քաջերու կողքին։ Մեր հերոսները զոհուեցան արցախահայութեան ազատ ապրելու արդար իրաւունքի եւ հայրենիքի խաղաղ, ապահով եւ բարօր կեանքի տեսիլքով՝ պատգամելով մեզ աննկուն ըլլալ ոգիով եւ արիաբար պայքարիլ՝ յանուն մեր ազգային նպատակներու իրագործման։

Սիրելիներ, վիշտն ու սուգը Աստուած կը փարատէ Իր Սուրբ Հոգիի մխիթարութեամբ եւ սփոփիչ զօրութեամբ։ Ան շնորհ ու կարողութիւն կը պարգեւէ, որպէսզի վեր յառնենք նեղութիւններէ ու դժուարութիւններէ, Քրիստոսի նման յարութիւն առնենք մեր պատմութեան հերթական Գողգոթայէն եւ վկայենք աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի ներուժը, աստուածապարգեւ մեր հաւատն ու ամուր կամքը, նոր կեանք կառուցելու մեր եզակի վճռականութիւնը։

Համազգային ուժերով ու միասնական ոգիով ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներու դիմագրաւումը, քաղաքական եւ հասարակական ճգնաժամի յաղթահարումը պիտի ըլլան մեր արժանի տուրքն ու խոնարհումը նահատակ հայորդիներու շիրիմներուն։ Ներկայ բարդ իրավիճակին մէջ զգաստութեան եւ ողջախոհութեան պահպանումը, մեր նահատակներու կորուստը արժանավայել սգալը եւ սուգը չքաղաքականացնելը պիտի ըլլան նուիրական յարգանքի ճշմարիտ արտայայտութիւնը մեր հերոսներու անմոռաց լոյս յիշատակի առջեւ։ Ազգային համերաշխութեամբ ու համընդհանուր շահերու վսեմ գիտակցութեամբ ապրելու ու արարելու մեր ընթացքը պիտի ըլլայ պատուաբեր շարունակութիւնը մեր զաւակներու Քրիստոսանման անձնազոհութեան։

Արդ, մեր նահատակ հերոսներու անմար լոյս յիշատակի առջեւ վերահաստատենք հայրենանուիրումի ու ազգանուիրումի ուխտը։ Թող ազգի ու հայրենիքի նկատմամբ անոնց պարտքի գիտակցութիւնը, յանձնառութեան եւ զոհաբերութեան ոգին օրինակ դառնան պետական ու քաղաքական այրերուն եւ համայն մեր ժողովուրդին՝ անսակարկ նախանձախնդրութեամբ եւ անձնուրաց զոհողութիւններով ամէն կարելին ներդնելու մեր հայրենիքի բարօր ու շէն կեանքի կերտման եւ մեր պետականութեան ամրապնդման համար։ Չվտանգենք մեր պետականութիւնը անխոհեմ քայլերով, չգերադասենք անձնական շահերը, այլ գործենք յանուն մեր ժողովուրդի ու հայրենեաց անկորուստ պահպանութեան, զօրացման ու յառաջընթացի։ Միայն ուժեղ պետութիւնով հնարաւոր է յաւերժացնել մեր ինքնութիւնն ու լինելութիւնը, նաեւ մեր քաջորդիներու յիշատակը։

Ի խորոց սրտի աղօթենք միասին, որպէսզի Ամենագութն Աստուած հանգստութիւն ու երանութիւն շնորհէ քաջաբար զոհուած մեր սիրասուն զաւակներու անմահ հոգիներուն։ Աղօթենք, որ գթառատ Տէրը Իր Սուրբ Հոգիով սփոփէ մեր հերոսներու ծնողներու, կանանց ու զաւակներու սգացեալ սրտերը եւ մեր բոլորի վշտակիր հոգիները։ Թող այլեւս սուգն ու տխրութիւնը չմթագնեն մեր ազգային կեանքը, ողբերգութիւնները չպատուհասեն մեր ժողովուրդը եւ Աստուծոյ ապաւինած ու ազգովին համախումբ՝ կերտենք լուսաւոր գալիքը հայրենեաց եւ համայն հայութեան։

Փառք եւ երիցս փառք մեր նահատակ որդիներուն։

Խոնարհում, մշտահունչ աղօթք եւ բիւր օրհնութիւն մեր հերոսներու լոյս յիշատակին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2020