ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՊԱՐԳԵՒ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ Ռու­սաց լե­զուի ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գա­հու­թեան կող­մէ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ան­ցեալ շաբ­թուան երկ­րորդ կէ­սին կը գտնուէր Մոս­կուա­յի մէջ՝ նա­խա­գա­հե­լու հա­մար Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի ընդ­լայ­նուած կազ­մով նստաշր­ջա­նին։ Իր կե­ցու­թեան ըն­թաց­քին Նո­րին Սրբու­թեան յանձ­նուե­ցաւ Ռու­սաց լե­զուի ա­կա­դե­միոյ բարձ­րա­գոյն պար­գե­ւը՝ «Բեթ-­­ղե­հէ­մեան ոս­կէ աստղ» շքան­շա­նը։ Այդ ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գա­հու­թեան կող­մէ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին հա­մար նա­խա­տեսուած բարձ­րա­գոյն շքան­շա­նը հաս­տա­տուած է 2000 թուա­կա­նին, ռու­սաց եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Ա­լեք­սի Բ. Պատ­րիար­քի օրհ­նու­թեամբ՝ ի նշա­նա­ւո­րումն Յի­սուս Քրիս­տո­սի ծննդեան 2000-ա­մեա­կին։

Ռու­սաց լե­զուի ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գա­հու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը սոյն պար­գե­ւը Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին հան­դի­սա­ւո­րա­պէս յանձ­նե­ցին Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ռուաս­տա­նի Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով։ Ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գահ Եու­րի Պե­լեաեւ ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց սոյն բարձր պար­գե­ւը Նո­րին Սրբու­թեան յանձ­նե­լու կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ան բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց Նո­րին Սրբու­թեան կա­րե­ւոր ա­ւան­դը հայ-ռու­սա­կան կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ան գո­հու­նա­կու­թեամբ կա­տա­րեց ռու­սաց հո­գե­լոյս պատ­րիար­քին կամ­քը՝ տա­կա­ւին 2003 թուա­կա­նին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին հա­մար նա­խա­տե­սուած շքան­շանն ու վկա­յա­կա­նը յանձ­նե­լով։

Հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը հան­դէս ե­կաւ օրհ­նու­թեան խօս­քով մը։ Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ի­րեն շնոր­հուած պար­գե­ւին հա­մար՝ ա­ղօթ­քով յի­շե­լով բա­րե­յի­շա­տակ Ա­լեք­սի Բ. Պատ­րիար­քը։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ընդգ­ծեց, թէ իր սրտին մէջ ջերմ ու բա­րի բա­զում յի­շո­ղու­թիւն­ներ կը կրէ հո­գե­լոյս պատ­րիա­քի մա­սին։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը վեր­յի­շեց Ա­լեք­սի Բ. հո­գե­լոյս պատ­րիար­քի հետ իր ու­նե­ցած հան­դի­պում­նե­րը, Մոս­կուա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի հա­մա­տեղ հո­գե­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։ Ան ընդգ­ծեց, որ այդ ձե­ւա­ւո­րուած սերտ կա­պե­րը եւ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը այ­սօր ալ կը շա­րու­նա­կուին Քի­րիլ Ա. Պատ­րիար­քին հետ։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը նաեւ յատ­կան­շա­կան նկա­տեց, որ այս պար­գե­ւը յանձն­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ռու­սաս­տա­նի Հա­յոց Թե­մի հաս­տատ­ման 300-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին։

Միւս կող­մէ, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը Մոս­կուա­յէն վե­րա­դար­ձաւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին, ուր շա­բա­թա­վեր­ջին Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի հան­դի­սու­թիւն­նե­րու դահ­լի­ճին մէջ «Ս. Սա­հակ-Ս. Մես­րոպ» պա­տուոյ բարձր շքան­շա­նով պար­գե­ւատ­րեց հաս­տա­տու­թեան պատ­մա­կան, աս­տուա­ծա­բա­նու­թեան ու ըն­կե­րա­յին ա­ռար­կա­նե­րու ամ­պիո­նի վա­րիչ, Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի կրօ­նի պատ­մու­թեան ու տե­սու­թեան ամ­պիո­նի դա­սա­խօս Տոց. Ա­ւե­տիս Քա­լա­շեա­նը։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը բարձր գնա­հա­տեց իր կող­մէ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ մա­տու­ցուած եր­կա­րա­մեայ ար­դիւ­նա­ւոր ծա­ռա­յու­թիւ­նը եւ բա­րի վաս­տա­կը։

Երկուշաբթի, Մայիս 22, 2017