ՆԵՐԱՇԽԱՐՀԻ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ
Մեծ պահքի տասներկրորդ օրն է:
Մեծ պահքի քառասնօրեայ այս ճամբորդութիւնը լաւագոյն առիթն է մարդուն համար, իր ներաշխարհը մաքրելու: Ներաշխարհ ըսելով նաեւ պէտք է հասկնալ մեր հոգին:
Դժբախտաբար մեզմէ շատերը պահեցողութեան այս շրջանին աւելի ուտելիքին ուշադրութիւն կը դարձնեն, այսինքն՝ առաւելաբար մարմինին ուշադրութիւն կը դարձնեն, քան՝ հոգիին:
Եկէք, սակայն, լսենք թէ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս ի՛նչ կ՚ըսէ այս ուղղութեամբ. «Մտիկ ըրէք եւ լաւ հասկցէք: Բերնէն մտածը չէ՛ որ կը պղծէ մարդը, այլ ինչ որ դուրս կ՚ելլէ բերնէն՝ ա՛յն է որ կը պղծէ մարդը» (Մտ 15.10-11):
Նախորդ մեր մի քանի գրութիւններուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ օրերու մեր գրութիւններուն մէջ դարձեալ պիտի անդրադառնանք ֆիզիքական պահեցողութեան կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան մասին, շեշտելով զայն ճի՛շդ կերպով իրագործելը: Որովհետեւ, մարդ եթէ միայն ֆիզիքական պահեցողութեան ուշադրութիւն դարձնէ, ո՛չինչ կը շահի, բառացիօրէն՝ Ո՛ՉԻՆՉ: Բայց, երբ ֆիզիքական պահեցողութիւնը կ՚առաջնորդուի հոգեւոր պահեցողութեամբ, այդ ատեն պահեցողութեան արդիւնքները եւ պտուղները պահեցողը անպայմանօրէն պիտի քաղէ:
Տէր Յիսուսի ըսածը ձեւով մը այս հոգեւոր պահեցողութեան մասին է: Մարդուն ներաշխարհէն ելածն է, որ կը պղծէ մարդը եւ ո՛չ թէ ինչ որ բերնէն կը մտնէ: Այսինքն, ուտելիքը չէ՛ որ կը պղծէ մարդը, այլ՝ մարդուն չար ու նենգ մտածումները եւ խորհուրդները:
Ահա թէ ինչու թէ՛ անցեալի եւ թէ ներկայի մեր հոգեւոր հայրերը միշտ կը շեշտեն, որ մարդիկ պէտք է աւելի հոգեւոր պահեցողութեամբ զբաղին, քան՝ մարմնաւոր՝ ֆիզիքական պահեցողութեամբ: Մարդ պէտք է իր ներաշխարհը՝ հոգին մաքրէ, որպէսզի ինքզինք չպղծէ: Չարը, չի՛ կրնար մեզ պղծել, եթէ մենք հաւանութիւն չտանք անոր: Ինչպէ՞ս հաւանութիւն կու տանք, երբ թոյլ կու տանք մենք մեզի մեր ներաշխարհը կեղտոտելու: Երբ մեր ներաշխարհը կեղտոտի, ապա այդ ներաշխարհէն մաքուր բան սպասել կարելի չէ եւ չարը այդպիսի ներաշխարհի հետ կը վարուի ըստ իր քմահաճոյքին, զայն վերածելով իր ստրուկին:
Հետեւաբար, զգո՜յշ պէտք է ըլլալ եւ պահեցողութեան այս շրջանը օգտագործենք, որպէսզի մեր ներաշխարհը մաքրենք, փայլեցնենք, միշտ յիշելով, թէ մենք Աստուծոյ եւ Իր Սուրբ Հոգիին բնակարաններն ենք (տե՛ս Ա. Կր 3.16: Բ. Կր 6.16), իսկ Աստուած մաքուր վայրերու մէջ կը բնակի միայն, որովհետեւ Ի՛նք Մաքուր է, Սուրբ է:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ