ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը լոյս ընծայեց Տ. Զգօն Ծ. Վրդ. Տէր-Յակոբեանի «Սէր եւ ամուսնութիւն» աշխատութիւնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ հրատարակուած այս գործը մաս կը կազմէ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի «Սերմնացան» մատենաշարի շրջանակին։ Այս երկը գրաբարէն արեւելահայերէնի վերածած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի Գ. լսարանի սաներէն Գէորգ Դպիր Կարապետեան։ Գրքոյկի նպատակն է ամուսնութեան պատրաստուողներուն անհրաժեշտ գիտելիքներ տալ Ս. Պսակի խորհուրդի եւ անոր կարեւորութեան մասին։ Բաց աստի, գիրքը բազմաթիւ պատասխաններ կը բովանդակէ ընտանիքէ ներս յառաջացած խնդիրներու վերաբերեալ, ուղիներ կը մատնանշէ ընտանեկան կեանքի առաւել ամրապնդման համար։

Գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 23, 2018