ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ խորհրդաւոր արարողութիւն մը։ Այսպէս, Սուրբ Տրդատի բաց խորանին առջեւ յիշատակի արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ Արցախի պատերազմին նահատակուած հերոսներու ի յարգանս։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, նախարարներ, երեսփոխաններ, զինուորականներ եւ բազում հաւատացեալներ։ Կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ պատերազմի ժամանակ նահատակուածներու հոգիներու խաղաղութեան ու հանգստութեան համար։
Նորին Սրբութիւնը յիշատակի արարողութեան ընթացքին փոխանցեց իր հայրապետական պատգամը, զոր կարդալ ստորեւ։
Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։
«Ես իսկ եմ յարութիւն եւ կեանք.
ով որ կը հաւատայ Ինծի, թէպէտ եւ մեռնի, պիտի ապրի»
(Յովհ. ԺԱ 25)։
Սիրելի՛ հաւատաւոր զաւակներ,
Առ Աստուած աղօթքով համախմբուած ենք այսօր յարգանքի ու երախտիքի մեր տուրքը մատուցելու Արցախի ազատ ու անկախ կեանքի պաշտպանութեան համար զոհուած մեր հերոսներուն եւ խոնարհելու անոնց լոյս յիշատակին առջեւ:
Հայոց նոր գոյապայքարին նահատակուած արիասիրտ մեր զինուորներուն ու զօրահրամանատարներուն քաջագործութիւնները յաւերժական վկայութիւններ են մեծ հայրենանուիրումի ու ազգասիրութեան։ Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի նախաձեռնած պատերազմին, որ սանձազերծուեցաւ Թուրքիոյ սատարումով եւ վարձկան ահաբեկիչներու ներգրաւումով, մեր հերոս զաւակները խիզախութեամբ մարտնչեցան թշնամիի անհաւասար ուժին դէմ՝ ի գին իրենց կեանքին պաշտպանելով մեր հայրենիքը։
Այսօր մենք բոլորս սիրելի որդեկորոյս ծնողներու՝ սգակիր հայրերու ու մայրերու, այրիացեալ կանանց ու որբացած մանուկներու հետ միասին մեր սրտերուն մէջ կը կրենք մեր զոհուած քաջորդիներուն կորուստի մեծ վիշտը։ Այս անասելի ցաւին հետ մէկտեղ նաեւ հպարտութիւն կ՚ապրինք անոնց անզուգական խիզախութեան, անօրինակ սխրանքներուն եւ պանծալի քաջագործութիւններուն համար: Մեր հերոսները մարտնչեցան ամենայն անձնուիրութեամբ, արցախահայութեան ազատ ապրելու արդար իրաւունքի եւ Հայաստան ու Արցախ աշխարհի խաղաղ, ապահով կեանքի եւ բարօր յառաջընթացի տեսիլքով։ Մեր նահատակներուն լոյս յիշատակին առջեւ մենք այսօր կոչուած ենք եւ պարտք ունինք արժեւորելու եւ իրականութիւն դարձնելու անոնց նուիրական երազներն ու տեսիլքները։
Սիրելինե՛ր, դարերու հոլովոյթին մէջ մեր ժողովուրդը բազմիցս մահուան հովիտներէն անցած է, տեսած է աւեր, կոտորածներ, ցեղասպանութիւն: Սակայն բոլոր փորձութիւններուն մէջ կրցած ենք յաղթել մահ-ւան՝ հաւատալով յարուցեալ Յիսուս Քրիստոսին եւ անոր կենարար խօսքին. «Ով որ կը հաւատայ Ինծի, թէպէտ եւ մեռնի, պիտի ապրի»։ Աստուծոյ ապաւինած՝ մեր ցաւն ու վիշտը մենք վերածած ենք ուժի ու զօրութեան, մեր կորուստն ու սուգը վերափոխած ենք կամքի ու վճռականութեան։ Նոյնիսկ ցեղասպանութենէն ետք, երբ նահատակուեցան մեր ժողովուրդին մէկուկէս միլիոն զաւակները եւ կորսնցուցինք պատմական մեր հայրենիքին մեծագոյն մասը, երբ եղեռնէն մազապուրծ բազում հայորդիներ տարագրուեցան ու սփռուեցան աշխարհով մէկ, մենք կրցանք աննկուն ոգիով արեւելեան Հայաստանի այս փոքրիկ հատուածին մէջ վերակերտել մեր պետականութիւնը, շէնցնել հայրենիքը, սփիւռքի մէջ գաղթօճախներ հիմնել եւ զանոնք ծաղկեցնել կրթական, մշակութային, բարեսիրական ու ազգային հաստատութիւններով եւ եկեղեցիներով։
Այսօր պատերազմի հետեւանքով ունեցած ցաւալի կորուստներով եւ ստեղծուած ներքաղաքական բարդ պայմաններով մեր երկիրը յայտնուած է ծանր ճգնաժամի առջեւ։ Այս դժուարին իրադրութեան մէջ հայրենիքի գերագոյն շահին առջեւ պէտք է խոնարհին անհատական եւ խմբակային բոլոր շահերն ու յաւակնութիւնները։ Իւրաքանչիւրիս, ի մասնաւորի պետական եւ քաղաքական գործիչներու պարտքն է պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ յանձն առնել ամէն զոհողութիւն ստեղծուած բարդ իրավիճակի յաղթահարման համար՝ յանուն մեր հայրենիքի կայունութեան, անվտանգութեան եւ վառ ու լուսաւոր ապագայի։
Հայրենիքի համար իրենց կեանքը տուած մեր զաւակներուն անձնազոհութեան ու վառ յիշատակին յանդիման հարկ ի վերայ կայ պահպանել մեր միասնականութիւնը, հեռու մնալ ատելութիւն ու թշնամանք հրահրող խօսքերէ ու գործերէ եւ զերծ պահել հայրենի մեր երկիրը նոր ցնցումներէ ու վտանգներէ։ Հայրենասիրութեան, միաբանութեան, համերաշխութեան ու հանդուրժողութեան ոգիով լծուինք արցախահայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան, Հայաստանի եւ Արցախի նոր կեանքի կերտման։
Սիրելի՛ հաւատաւոր զաւակներ, այս պահուն սրտաբուխ աղօթքը մեր շուրթերուն, մեր գնահատանքը եւ մեր խոնարհումը բերենք հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան գործին մէջ անօրինակ սխրանքներ դրսեւորած մեր բոլոր քաջարի զօրահրամանատարներուն, զինուորներուն եւ աշխարհազօրայիններուն, այդ կարգին՝ ազգային փոքրամասնութիւններու արիասիրտ զաւակներուն։ Աղօթենք զոհուած մեր հերոս որդիներու հոգիներուն հանգստութեան համար՝ հայցելով Ամենազօր Սուրբ Հոգիի մխիթարութիւնը անոնց ընտանիքներուն, ծնողներուն, հարազատներուն եւ համայն մեր ժողովուրդին: Հայրենեաց պաշտպան մեր նահատակները, իրենց անձերը զոհելով յանուն ազգի ու հայրենիքի, անմահացան եւ արժանի պիտի դառնան երկնային յաւիտենական կեանքին՝ ըստ մեր Տիրոջ խոստումին. «Ես իսկ եմ յարութիւն եւ կեանք. ով որ կը հաւատայ Ինծի, թէպէտ եւ մեռնի, պիտի ապրի»։ Առ Աստուած աղօթքով հայցենք բարւոք ապաքինում վիրաւորուած մեր զինուորներուն, նաեւ Ամենակալ Տիրոջ խնամքն ու զօրակցութիւնը գերեվարուած մեր զաւակներուն՝ մաղթելով ազատութիւն եւ բարի վերադարձ հայրենիք։
Թող Աստուծոյ սէրը, շնորհները եւ օգնականութիւնը հովանի ըլլան մեր հայրենիքին եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին, այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն։