ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԻԹ՝ ԵՐԿՆԱՔԱՂԱՔԱՑԻ ԴԱՌՆԱԼՈՒ

Մեծ պահքի տասներրորդ օրն է:

Մեծ պահքի եւ ընդհանրապէս տարուան ընթացքին հանդիպող բոլոր պահեցողութիւնները մարդուն համար առիթ են երկնաքաղաքացիութիւն ձեռք ձգելու համար: Կարեւորը, մարդ գիտնայ ճի՛շդ կերպով վարուիլ այս ընթացքին:

Պահեցողութեան ընթացքին մարդ ինչ ուտել եւ ինչ խմելէ աւելի ու առաջ պէտք է մտածէ, թէ ինչպէ՞ս Աստուծոյ հաճելի ըլլայ, ինչպէս արժանանայ Անոր որդեգրութեան, ինչպէս յաւիտենական յարկերուն մէջ յաւիտենական հանգիստ գտնէ:

Նախորդող մեր գրութիւններուն մէջ շեշտած էին, որ պահքը միայն ուտել կամ չուտել, խմել կամ չխմել չէ, այլ՝ ինքնաքննութեան եւ ինքնամաքրման ընթացք է:

Մեր այսօրուան գրութիւնը վերնագրեցինք այսպէս, այդ գաղափարը ստանալով Սուրբ Պօղոս առաքեալի հետեւեալ արտայայտութենէն. «Որովհետեւ Աստուծոյ Արքայութիւնը կերակուր կամ ըմպելիք չէ, այլ՝ արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ խնդութիւն, Սուրբ Հոգիէն տրուած: Եւ ով որ ասոնցմով կը ծառայէ Քրիստոսի, անիկա Աստուծոյ հաճելի եւ մարդոց գովելի կ՚ըլլայ» (Հռ 14.17-18):

Առաքեալին ըսածին նմանողութեամբ եկէք մեզմէ իւրաքանչիւրս ըսենք, թէ՝

Պահեցողութիւնը ուտելիք կամ խմելիք չէ միայն, այլ՝ Աստուծոյ Արքայութիւն հասնելու համար պայքարի ճանապարհ:

Պահեցողութիւնը ուտելիք կամ խմելիք չէ միայն, այլ՝ Երկինքի քաղաքացիութեան արժանանալու լաւագոյն առիթը:

Պահեցողութիւնը ուտելիք կամ խմելիք չէ միայն, այլ՝ արդարութիւն եւ խաղաղութիւն կրելու ու տարածելու միջոց:

Պահեցողութիւնը ուտելիք կամ խմելիք չէ միայն, այլ՝ Սուրբ Հոգիով զօրացած խնդութեան մէջ ըլլալու հնարաւորութիւն, հակառակ մեր ունեցած փորձութիւններուն, դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն:

Ի վերջոյ, պահեցողութիւնը ուտելիք կամ խմելիք չէ միայն, այլ՝ ֆիզիքական ուտելիքէ ու խմելիքէ կտրուելէ անդին, առիթ է յաւիտեաններուն մէջ յաւիտենապէս հաղորդակից դառնալու հոգեւոր-երկնային ուտելիքին ու խմելիքին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Փետրուար 24, 2024