ՔԱՐԵՂԷՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի տօնը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ այս առթիւ մեծահանդէս արարողութիւններ տեղի ունեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Ս. Գայիանէի պատմական վանքին մէջ պատարագեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։ Սրբազան արարողութեան ներկայ էին բարձրաստիճան եկեղեցականներ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, Էջմիածնի քաղաքապետ Տիանա Գասպարեան, Հայաստանի զանազան շրջաններէն եւ սփիւռքէն ուխտաւորներ, բարերարներ եւ հիւրեր։

Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի տօնին օրը հանդիսաւորապէս ընթերցուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակը՝ Մայր Տաճարի հիմնանորոգման ու բարեզարդ պահպանման ի նպաստ ձեռնարկուած համազգային հանգանակութեան առթիւ։ Ս. Պատարագի ընթացքին «Էջ Միածինն ի Հօրէ» շարականի երգեցողութեամբ խորան բարձրացուեցաւ սրբատառ կոնդակը, զոր հանդիսաւորապէս ընթերցուեցաւ պատարագիչ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի կողմէ։ Այս առթիւ շեշտուած է, որ Ս. Էջմիածինը քարեղէն վկայութիւնն է հայ ժողովուրդի հոգեղէն ապրումներու եւ նուիրական զգացումներու։

Երկուշաբթի, Յունիս 24, 2019