ՍՔԵՄԻ ԱՐՏՕՆՈՒԹԻՒՆ

Այսու կը ծանուցանենք համայնքային ու թաղային մարմիններուն եւ մեր համայնքի անդամներուն, թէ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահի 9 օգոստոս 2019 թուակիր ու 1416 համար հրամանագրով Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի արտօնուած է արտաքոյ եկեղեցւոյ սքեմ կրել։

Նոյն հրամանագրով չեղեալ կը նկատուի Նախարարաց Խորհուրդի 18 օգոստոս 2010 թուակիր ու 853 համար որոշումը եւ միայն Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազանին կը յանձնուի սոյն արտօնութիւնը։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ

Շաբաթ, Օգոստոս 24, 2019