ՑՈՒՑԱՀԱՆԷՍ ԵՒ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, որ կազմակերպուած էր երանաշնորհ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վախճանման 20-րդ տարելիցին առթիւ։ Գիտաժողովը տեղի ունեցաւ երջանկայիշատակ կաթողիկոսի անունով, անոր ի յիշատակ կառուցուած կրթական կեդրոնի յարկէն ներս։ Գիտաժողովին զուգահեռ «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս մը, որու մասնակիցները ականատես եղան հոգելոյս հայրապետի կեանքին ու գործունէութեան վառ դրուագներու եւ արխիւային նիւթերու։

Գիտաժողովի սկիզբին Վեհափառ Հայրապետը ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ իր երանաշնորհ նախորդին յիշատակին։  

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2019