ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մոսկուայի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Քիրիլ Պատրիարքի 70-ամեայ յոբելեանին ձօնուած հանդիսաւոր համերգին։ Քրիստոս Ամենափրկիչ տաճարի եկեղեցական ժողովներու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ այս պաշտօնական ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին, Սպիտակ Ռուսիոյ Նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւ, քրիստոնէական զանազան եկեղեցիներու հովուապետներ ու պատուիրակութիւններ, այլ կրօններու ներկայացուցիչներ, Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Սինոդի անդամներ ու բարձրաստիճան կղերականներ, դիւանագէտներ, պետական կառոյցներու, հասարակական կամ բարեգործական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, գիտութեան եւ մշակոյթի գործիչներ։
Համերգի աւարտին տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորական պատգամը յղեց իր հոգեւոր եղբօր՝ Քիրիլ Ա. Պատրիարքին։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անունով Քիրիլ Պատրիարքը շնորհաւորելով ծննդեան 70-ամեակի նշանակալի առիթով՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Մենք ձեզ կը ճանչնանք որպէս Քրիստոսի ու Սուրբ Եկեղեցւոյ հաւատարիմ ու անձնուէր ծառայ։ Քրիստոսի Ս. Եկեղեցւոյ սպասաւորութեան դուք կոչուած էք խորհրդային տարիներուն, երբ բազմազգ պետութեան ամբողջ տարածքէն ներս կը հալածուէր հաւատքը, զանազան ճնշումներու կ՚ենթարկուէին եկեղեցին եւ հոգեւորականը։ Աստուածմերժութեան դժուարին ժամանակներուն դուք աննուազ նախանձախնդրութեամբ ծառայեցիք Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պայծառութեան։ Բարին ներդրում բերիք հաւատացելոց հոգեւոր կեանքի զօրացման՝ երկարամեայ պատասխանատու բարձր ծառայութիւն իրականացնելով կրթական եւ միջեկեղեցական ոլորտներու մէջ, մեծապէս կարեւորելով եկեղեցական նոր սերունդի պատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ երկխօսութեան խթանումը եկեղեցիներու միջեւ»։
Աւելի վերջ, Վեհափառ Հայրապետը մատնանշեց, որ Քիրիլ Պատրիարք շարունակած է եռանդուն գործունէութիւնը՝ ի խնդիր իր հաւատաւոր հօտի հոգեւոր կեանքի զօրացման եւ յառաջընթացին՝ կոչուելով հայրապետական բարձր ծառայութեան։ «Ամէնքս այսօր ականատեսն ենք Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պայծառութեան, եկեղեցական սպասաւորութեան առաւել արդիւնազարդման։ Ձեր հայրապետութեան տարիներուն եւս դուք նշանակալի աւանդ մը բերիք միջեկեղեցական ասպարէզի մէջ՝ ըլլալով ջատագովը աշխարհի վրայ քրիստոնէական արժէքներու պահպանման, քրիստոնեաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութիւններու առաւել արդիւնաւորման», նշեց Վեհափառ Հայրապետը։
Պատգամի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ վերյիշեց Քիրիլ Պատրիարքին կողմէ տրուած այցելութիւնը Հայաստան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ «Մեր հանդիպումները, փոխադարձ այցելութիւնները յատկանշուած են բարեկամութեամբ ու բարեացակամութեամբ, որոնցմով պսակուած են մեր ժողովուրդներու դարաւոր եղբայրութիւնն ու փոխյարաբերութիւնները։ Գոհունակութիւն է հաստատել, որ ձեր հայրապետութեան տարիներուն առաւել ամրապնդուած են մեր եկեղեցիներու եւ հաւատակից մեր ժողովուրդներու եղբայրական կապերն ու գործակցութիւնը, որուն համար այսօր գոհաբանական աղօթք կը վերառաքենք առ Բարձրեալը։ Վստահ ենք, որ բարեկամութեան այդ նոյն ոգին պիտի շարունակէ թագաւորել մեր եկեղեցիներու յարաբերութիւններուն մէջ՝ փոխադարձ ըմբռնումով, սիրով ու յարգանքով նոր արդիւնքներ արձանագրելու քրիստոսապատուէր առաքելութեան մէջ», մատնանշեց Վեհափառ Հայրապետը եւ Քիրիլ Պատրիարքին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Ռուսաստանէ ներս Հայ Եկեղեցւոյ թեմերուն նկատմամբ ցուցաբերուած հայրական վերաբերմունքին, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ միջնորդական առաքելութեան տեւականացման, Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդի եւ Հայոց Հայրապետի հետ միասին եռակողմանի հանդիպումներու կազմակերպման համար։ Վեհափառ Հայրապետը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի եղբայրութեան, սիրոյ ոգին եւ գործակցութեան բարի արդիւնքները շարունակեն զարդարել Ռուս Ուղղափառ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցիներու բարեկամութիւնը՝ քաջալերելով երկու ժողովուրդները միասնաբար ապրելու եւ արարելու՝ որպէս Աստուծոյ որդիներ եւ որպէս հաւատակից եղբայրներ։
Խօսքի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը Քիրիլ Պատրիարքին մաղթեց քաջառողջութիւն, արեւշատութիւն, անսպառ կորով ու քաջեռանդութիւն՝ հայցելով, որ Տէրը հանապազ զօրակից ու աջակից ըլլայ անոր՝ հովուապետութեան տարիները զարդարելով նորանոր յաջողութիւններով ու ձեռքբերումներով ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ։