ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Գումգաբուի մէջ երէկ ոգեկոչուեցան Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերը։ Ապրիլի 24-ին առթիւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց, պատարագեց եւ քարոզեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ Եւրոմիութեան գծով նախարար Վոլքան Պոզքըր՝ որպէս երկրի ղեկավարութեան ներկայացուցիչ։ Մասնակիցներու շարքին էին Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը, Հրէից Րաբունապետ Ռաւ Իսհաք Հալեւա, Իսթանպուլի փոխ-միւֆթի Սապրի Տէմիր, Թուրքրիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան եւ այլ յարանուանութիւններէ հոգեւոր առաջնորդներ։ Ներկայ էին նաեւ Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու աւագ հիւպատոս Չարլզ Հանթըր, Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Միւրիէլ Տոմենաք եւ դիւանագիտական շրջանակներէն զանազան ներկայացուցիչներ։ Արարողութեան հետեւեցան նաեւ շարք մը դիւանակալներ, հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ, համայնքային վարիչներ եւ այլք։
Հանդիսաւոր Ս. Պատարագին երգեցողութիւնները կատարուեցան իսթանպուլահայ դպրաց դաս-երգչախումբերու անդամներէն բաղկացեալ միացեալ կազմի մը կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի։ Արարողութեան ընթացքին շապիկներով խորան բարձրացած մանուկներ սպիտակ աղաւնիներ արձակեցին ի նշան խաղաղութեան։ Ընդհանուր փոխանորդը խօսեցաւ քարոզ մը, որու ընթացքին յոյս յայտնեց, թէ թուրք եւ հայ ժողովուրդները պիտի կարենան դիմաւորել սիրոյ եւ եղբայրութեան արշալոյսը։
Քարոզէն վերջ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան ընթերցեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ ուղարկուած պատգամը, որու բնագիրը նոյնութեամբ ներկայացուած է յարակից սիւնակներուն մէջ։
Էրտողանի պատգամի հրապարակուելէն վերջ Վոլքան Պոզքըր հրաժեշտ առաւ Մայր եկեղեցիէն, իսկ Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ, աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն մը։ Այս հանգրուանին խորան բարձրացան Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Պոլսոյ Աթոռի վեղարաւորները, որոնք խորանին վրայ շարուած կատարեցին հոգեհանգստեան պաշտօնը, մինչ մեր քահանայից դասն ալ դասին մէջ ներկայ էր արարողութեան։
Պատարագիչ Սրբազան Հայրը արարողութեան աւարտին թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցիէն դուրս եւ իր արձակման աղօթքով Ս. Պատարագի մասնակիցները հրաժեշտ առին Գումգաբուէն։
Պատրիարքարանի աղբիւրներու բանաձեւումով, երէկուան հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարուեցաւ ոչ-սրբադասեալ նահատակներուն համար, իսկ երէկուան Ս. Պատարագին նախորդած ժամերգութեան աւարտին յիշատակուեցան նաեւ նորոգ հռչակեալ սուրբերը՝ կանոնական աղօթքներու ընթերցումով եւ շարականներու երգեցողութեամբ։