ԵՆԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՏՕՆԱԿԱՆ ՕՐ ՄԸ
Ենգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը երէկ նշուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Եկեղեցեկան ու աշխարհիկ հանդիսութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ․ Արամ Արք․ Աթէշեան։ Հոգեգալստեան տօնի օրուան զուգադիպած արարողութիւններուն ընթացքին ոգեկոչուեցան նաեւ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի բարերարները։
Օրուան Ս․ Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ․ Եղիշէ Վրդ․ Ուչքունեան։ Արարողութեանց ներկայ էր նաեւ Տ․ Զատիկ Աբեղայ Պապիկեան։ Ս․ Սեղանին սպասարկեցին Կարօ Սեղբոսեան, Եդուարդ Վարժապետեան կիսասարկաւագները, ուրարակիր եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարեցին Կէտիկփաշայի Ս․ Յովհաննէս Աւետարանիչ եկեղեցւոյ Զուարթնոց Դպրաց Դաս-երգչախումբին անդամները՝ խմբավարութեամբ Գէորգ Չաղլըչուպուքճուի եւ երգեհոնահարութեամբ Հերման Փորթագալեանի։ Ի ժամ Ս․ Պատարագի յաւուր պատշաճի քարոզեց հանդիսադիր Սրբազան Հայրը։ Յաւարտ արարողութեան ալ կատարուեցաւ մատաղօրհնութիւն եւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ նորոգ հանգուցեալ երջանկայիշատակ Կորիւն Արք․ Պապեանի, Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի բարերարներուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ սատարողներուն ու սպասաւորներուն հոգւոցն ի հանգիստ։
Այնուհետեւ յարակից բակին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը, որուն նոյնպէս նախագահեց Սրբազան Հայրը՝ իր կողքին ունենալով ներկայ հոգեւորականները։ Պատուոյ սեղանին վրայ տեղ գրաւած էր նաեւ թաղի յոյն ուղղափառ Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լաքի Վինկաս։ Վերջինս եկեղեցւոյ նուիրեց գետնաթութի ծառ մը, քանի որ թաղի յունական եկեղեցւոյ գլխաւոր սրբապատկերը կը կոչուի գետնաթութով Ս․ Աստուածածին (Փանայիա Քումարիոթիսսա)։
Հիւրերը ջերմօրէն հիւրասիրուեցան Ենիգիւղի ընտանիքին ժրաջան անդամներուն կողմէ՝ գլխաւորութեամբ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարպիս Գալայճեանի։ Յանուն թաղային խորհուրդին արտայայտուեցաւ Արի Տէմիրճիօղլու, որ ողջունելէ ետք ներկաները, տեղեկութիւններ տուաւ իրենց գործունէութեան մասին։ Մանրամասնօրէն ներկայացնելով պիւտճէն, ան ըսաւ, թէ աշխատանքներ կ՚ընթանան եկեղեցւոյ պատկանող տարածք մը վերադարձնելու համար։ Ան աւետեց նաեւ, թէ եկեղեցւոյ յարակից լքեալ երեք տուները վարձուած են եւ վարձակալները խոստացած են նաեւ նորոգել զանոնք։ Տէմիրճիօղլու շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց, որոնց ջանքերով սարքուած էր աւանդական սիրոյ սեղանը։
Հաւաքոյթը եզրափակուեցաւ Տ․ Եղիշէ Վրդ․ Ուչքունեանի հուսկ բանքով։
Եկեղեցական
- 11/26/2024