ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած միաբանական համագումարի արձագանգները կը շարունակուին։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայրավանքէ ներս համախմբուած միաբաններուն ուղղեալ պատգամին մէջ գեղեցիկ աւանդոյթ մը համարեց այսպիսի հաւաքներու կազմակերպումը։

«Աշխարհի զանազան կողմերէն միաբաններ կը համախմբուին Մայր Աթոռի մէջ՝ իրենց ուխտը նորոգելու, զօրանալու, ինչպէս նաեւ անդրադառնալու Սուրբ Էջմիածնի առաքելութեան», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ խօսեցաւ սրբութեան խորանը կառուցելու վերաբերեալ Լուսաւորիչ Հայրապետի կոչին եւ Սուրբ Էջմիածնէն մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ դարեր շարունակ ջամբուող տէրունապատուէր պատգամներու մասին։

«Հայ Եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր սպասաւոր, անկախ իր միաբանական պատկանելիութենէն, Սուրբ Էջմիածնի ուխտի միաբան է եւ Սուրբ Էջմիածնի առաքելութեան սպասաւոր։ Ահա, այս պատիւը ունինք մենք բոլորս՝ սպասաւորները ըլլալու Սուրբ Էջմիածնի առաքելութեան, շարունակողները մեր սուրբ, նուիրեալ հայրերու ու հայրապետներու գործի։ Անոնք կերտած են մեր ժողովուրդի փառքը, ուղենշած են այն ճանապարհը, որ երաշխաւորած է մեր ժողովուրդի անմահութեան ընթացքը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Միաբաններու ուղղեալ պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կանգ առաւ նաեւ Սուրբ Էջմիածնի միաւորող ուժին, միասնութեան խորհուրդին վրայ։ Ան ընդգը-ծեց, որ Սուրբ Էջմիածինը ազգի միասնականութեան խորհրդանշանն է, որովհետեւ Սուրբ Էջմիածինը այնտեղ է, ուր մեր ժողովուրդի զաւակները կայք հաստատած են եւ կ՚ապրին։ Սուրբ Էջմիածինը այնտեղ է, ուր հայ եկեղեցականը կը բերէ իր սպասաւորութիւնը մեր ժողովուրդին։ «Սուրբ Էջմիածինը Քրիստոսի Աւետարանն է, որ տրուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին, Սուրբ Էջմիածնի լոյսը ամէնուր է եւ կը ճառագէ մեր ժողովուրդի հոգիներէն ներս՝ կապելով բոլորը մեր սուրբ հայրենիքին», նշեց Վեհափառ Հայրապետը։

Վերահաստատելով Առաքել Դավրիժեցիի խօսքը՝ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ մեր ժողովուրդի իւրաքանչիւր զաւկի հոգին, սիրտը, միտքը կապուած է Սուրբ Էջմիածնի եւ մեր հաւատքի հայր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջին հետ։ Ան պատգամեց, որ միաբանները ամէն անգամ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հաւաքուելով՝ անդրադարձ ունենան այս ուխտին եւ առաքելութեան եւ կատարեն ուխտի նորոգութիւնը Սուրբ Էջմիածնի առաքելութեան։ Նորին Սրբութիւնը յորդորեց այդ ճանապարհով առաւել զօրացնել միասնականութեան ոգին, եղբայրսիրութիւնը։

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ միաբաններու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Մայր Աթոռի առաքելութեան զանազան ոլորտներուն։  

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2019